Պաշտօնական այցելութեամբ Թիֆլիս գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ հաստատեց, որ Թիֆլիս պատրաստ է դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանի կայունութեան հարցին մէջ։
«Վրաստան կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Մեր ջանքերը կը շարունակուին տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ: Վրաստան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուծման վերաբերող դրական ընթացքը: Պատրաստ ենք մեր դերակատարութիւնը ունենալու` մեր ուժերուն ներած չափով ապահովելու համար կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ ան։
Փաշինեան իր կարգին ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան փոխադարձաբար կը յարգենք իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, ինչ որ, ըստ անոր, տարածաշրջանի կայունութեան գործօն է: Բացի այդ, երկու երկիրները պէտք է սկսին սահմանագծման գործընթացին:
«Մեր երկրների միջեւ առկայ համագործակցութիւնը մեր պատկերացումների գործնական արտացոլումն է, թէ ինչպիսին պէտք է լինեն տարածաշրջանի երկրների միջեւ յարաբերութիւնները` հիմնուած ընդհանուր շահերի, փոխադարձ յարգանքի ու համընդհանուր զարգացմանն ուղղուած տնտեսական համագործակցութեան վրայ», ըսաւ Փաշինեան։
Ան վրացի իր գործընկերոջ ներկայացուց Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքը եւ դարձեալ յայտնեց, որ Երեւան եւ Պաքու համաձայնեցուցած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին պայմանագիրի բովանդակութեան մեծ մասը` 80 տոկոսը:
«Մենք Ադրբեջանին առաջարկել ենք ամենամօտ ապագայում ստորագրել այդ փաստաթղթի նախագծում առկայ եւ մինչեւ այս պահն արդէն իսկ համաձայնեցուած դրոյթները, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու շարունակել քննարկումները երկուստեք կարեւորութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերը հասցէագրելու ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան։
Հակառակ Պաքուէն եւ Մոսկուայէն հնչող պահանջներուն, թէ, ըստ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան, Երեւան պէտք է Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբու վերահսկողութիւնը տայ ռուսական կողմին, Փաշինեան դարձեալ խօսեցաւ «տնտեսական բոլոր ենթակառուցուածքների եւ կապուղիների ապաշրջափակման մասին»` մատնանշելով «խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
«Ես իրապէս հաւատում եմ, որ մենք ունենք Հարաւային Կովկասում հակամարտութեան էջը փակելու եւ մեր տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւն: Համոզուած եմ նաեւ, որ այդ խաղաղութեան շահառուն ոչ միայն Հայաստանն ու Ադրբեջանն են, այլեւ դրանից հաւասարապէս օգտուելու են Վրաստանը, Թուրքիան, Իրանը: Ահա այս է պատճառը, որ չնայած բոլոր բարդութիւններին, մեր կառավարութիւնը հետեւողականօրէն շարունակելու է ջանքեր գործադրել տարածաշրջանում խաղաղութիւնը հնարաւոր դարձնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան:
Փաշինեան եւ Քոպախիծէ վստահեցուցին, որ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները աշխոյժ կերպով կը զարգանան՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ, իսկ Երեւան եւ Թիֆլիս տարեսկիզբին ստորագրած են ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը: