Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր` պատասխանելով այն հարցումին, որ նախարար Էնթընի Պլինքընի Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներէն ետք արդեօք կ՛ակնկալուի՞ հանդիպում մը կազմակերպել Նիւ Եորքի մէջ՝ ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն միշտ ալ առիթներ կը փնտռէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման համար:
«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ երկու երկիրներուն` կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը հասնելու ջանքերուն: Անոնք զգալի յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն ձեւով աջակցիլ կողմերուն, նաեւ՝ զանոնք հանդիպումի մը հրաւիրելով, եթէ այդ օգտակար պիտի ըլլայ», ըսաւ Միլըր։