Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակոյթի կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդրանիկ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 6 Հոկտեմբերին, կ. ե. ժամը 1էն 6, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի բակին մէջ, ուրկէ կարելի է տեսնել կառուցուող թանգարանը։
Պիտի հրամցուին հայկական եգեր եւ պարեր, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէն։ Ծրագրուած են փոքրերու համար զանազան խաղեր։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։
Հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար դիմել (818) 644-2073 թիւին կամ Mary@ArmenianAmericanMuseum.org հասցէին։