
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի «Գազան» ծրագիրի այցելու դասախօս դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին պիտի խօսի Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ հայերուն փորձառութիւններուն մասին։
Բանախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.)։
Դոկտ. Մաղաքեան դոկտորի կոչումը ստացած է «Քրենֆիլտ» համալսարանէն եւ հեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են BBC-ի, The Wall Street Journal-ի, The Washington Post-ի, Time-ի եւ այլ հեղինակաւոր թերթերու մէջ։ Ան մասնագիտացած է բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթները բնաջնջելու ջանքերու վաւերագրման մէջ եւ յատկանշական աշխատանք տարած է յատկապէս Նախիջեւանի հայկական դիմագիծը բնաջնջելու՝ Պաքուի մշակութային ցեղասպանութեան ծալքերը բացայայտելու գծով։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ «Զում»ի միջոցաւ, կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։