«Լիբանանի մէջ կատարուած յարձակումներուն չմասնակցեցանք: Պատերազմին աւարտը կ՛ուզենք տեսնել, եւ այն բոլոր բաները, զորս իրագործեցինք, շրջանին մէջ մագլցումը կանխարգիլելու ծիրին մէջ էին: Զինադադարի հաստատումը յառաջ ընթանալու լաւագոյն ձեւն է, եւ պիտի շարունակենք զայն իրագործելու մեր ջանքերը: Կազայի մէջ պատերազմին աւարտը կ՛ուզենք, եւ սկիզբէն ի վեր, մեր բոլոր քայլերը լուծում գտնելու համար ծրագրուած էին», յայտնեց Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճան Քըրպի՝ աւելցնելով. «Մենք կը մասնակցինք աշխուժ դիւանագիտութեան` կանխարգիլելու համար Լիբանանի մէջ երկրորդ ճակատի մը բացումը, եւ աշխարհի բոլոր շրջաններէն տարհանման պատրաստ ծրագիրներ ունինք։ Շրջանին մէջ չենք ուզեր որեւէ մագլցում տեսնել, եւ կը կարծենք, որ լուծումը դիւանագիտութեամբ է եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններով: Միացեալ Նահանգները մեղսակից չէ Պէյրութի մէջ պայթումներուն, եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի չներկայացնենք»:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին յայտնեցին հետեւեալը. «Ուաշինկթըն ամերիկացիներ եւ ոչ զինեալ ուրիշներ Լիբանանէն հեռացնելու ծրագիրներ մշակեց: Այդ ծրագիրներէն մէկը կը ներառէ շուրջ 50 հազար տեղաբնակ ամերիկացի քաղաքացիներու եւ անոնց ընտանիքներու Կիպրոս տեղափոխումը»:
«Ուաշինկթըն պէտք է կղզիին մէջ տեղափոխման վայրի օգտագործման պաշտօնական դիմում ներկայացնէ», յայտնեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը այս:
«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի` Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին հեռաձայնելէն ետք ստացած տպաւորութիւնը այն է, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ զինուորական նոր ընտրանքներ կը սերտէ», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատար մը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը կը յիշեցնէ, որ «Լիբանանի հարցի ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին անոր կոչ ուղղեց «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմի շղթայազերծման հրաման չտալու»:
«Մինչեւ հիմա Լիբանան իսրայէլեան ներխուժման մօտալուտ ըլլալուն ուղղութեամբ պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու ցուցանիշներ չկան: Իսրայէլ կրնայ հրամայել արագ եւ փոքր գործողութիւն մը` առանց զինուորական մեծ շարժումներու: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտահոգ է Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ ցամաքային պատերազմի ծագման հաւանականութեամբ:», ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի՝ ըսին ամերիկացի պաշտօնատարներ: