Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին անդրադարձաւ այս շաբաթ Լիբանանի տարածքին պատահած հաղորդակցութեան սարքերու պայթումներուն, որոնք առնուազն 37 զոհեր խլեցին:
Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան, առողջապահութեան նախարարութեան, հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական մարզի աշխատակիցներուն, արեան տուչութիւն կատարած եւ վիրաւորները փոխադրած անձերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած քաղաքական դէմքերուն եւ լրատուամիջոցներուն:
Ան ըսաւ, որ երբ Իսրայէլ 4000 «Փէյճըր»ներ պայթեցուց, մտադիր էր նոյն պահուն 4000 անձեր սպաննել, եւ նոյնը կրկնեց յաջորդ օրը: Ան պատահածը որակեց «ահաբեկչական մեծ գործողութիւն», «ցեղասպանութիւն», «պատերազմական ոճիր», «Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ մեծ յարձակում» եւ «պատերազմի հռչակում»:
Նասրալլա նշեց, որ իր կուսակցութիւնը կազմած է հետաքննութեան զանազան յանձնախումբեր, որոնք սարքերու պայթեցման հարցին շուրջ գրեթէ յստակ պատկերացումի հասած են, սակայն վերջնական արդիւնքները շուտով պիտի յայտարարուին:
«Ապահովական եւ մարդասիրական գետնի վրայ ենթարկուեցանք մեծ հարուածի, որ Լիբանանի եւ Դիմադրութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ էր», ըսաւ ան:
Նասրալլա նշեց, որ հակառակ ստացած մեծ հարուածին, կուսակցութեան կառոյցը կը շարունակէ տոկուն մնալ, «առ այդ, անհոգ մնացէք»: «Դիմադրութեան կառոյցը մեծ է եւ տոկուն, եւ թշնամին պէտք է իմանայ, որ ո՛չ ղեկավարութեան համակարգին վնասեց, ո՛չ ալ ճակատներու վրայ ներկայութեան», ըսաւ Նասրալլա:
Ան իր խօսքը իսրայէլացի ղեկավարներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Պիտի չկարենաք հիւսիսի բնակիչները հիւսիս վերադարձնել, միակ ձեւը Կազայի եւ Արեւմտեան Ափին վրայ յարձակումը դադրեցնելն է: Ո՛չ պայթումները, ո՛չ լայնածաւալ պատերազմները կրնան զանոնք վերադարձնել, ընդհակառակը` անոնց տեղահանութիւնը պիտի մեծցնեն եւ անոնց տունդարձի առիթը ուշացնեն: Իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի անմիտ հրամանատարը լիբանանեան հողերուն վրայ արգելակիչ գօտիի ստեղծման մասին կը խօսը, եւ մենք կը մաղթենք, որ այդ բանը փորձեն, մեր` լիբանանեան հողերը մուտք գործեն: Եթէ թշնամին արգելակիչ գօտի ստեղծէ, պէտք է իմանայ, որ անիկա պիտի վերածուի թակարդի ու տիղմի, եւ մեծ գին պիտի վճարէ։ Մենք իրենց հրասայլերը լապտերներով կը փնտռենք, եւ երբ մեր քով գան, անոնց բարի գալուստ պիտի ըսենք: Այդ սպառնալիքը պատմական առիթ մը պիտի նկատենք: Այն, ինչը Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ, արդար պատիժի եւ մեծ հաշուետուութեան պիտի արժանանայ, եւ ժամկէտին կամ վայրին մասին պիտի չխօսիմ»:
Հակադարձելով այս յայտարարութեան, եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ արձակուած մօտաւորապէս 140 հրթիռներուն, Իսրայէլ ծանրօրէն ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը, իսկ Ուրբաթ օր ռմբակոծեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները, սպաննելով առնուազն ինն քաղաքայիններ եւ վիրաւորելով 60 ուրիշներ։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ յարձակումին թիրախը «Հըզպալլա»ի ղեկավարներէն Իպրահիմ Աքիլն էր, որ զոհերէն մէկը դարձաւ։