ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց որոշում մը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ 12 ամիսէն վերջ տալ «պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վրայ իր ապօրինի ներկայութեան»` հիմնուելով Միջազգային արդարադատութեան դատարանէն այս առիթով արձակած վճիռին վրայ:
Որոշումը որդեգրուեցաւ 124 թեր, 14 դէմ եւ 43 ձեռնպահ քուէներով: Դէմ քուէարկած երկիրներու շարքին էին՝ Միացեալ Նահանգները, Արժանթինը, Փարակուէյը, Հունգարիան եւ Չեխիան:
Խորհրդանշական բնոյթ ունեցող որոշումը Իսրայէլէն կը պահանջէ իր բոլոր ուժերը հեռացնել պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ վերջ տալ իր ապօրինի քաղաքականութեան ու գործունէութեան, ներառեալ՝ անմիջապէս դադրեցնել բնակեցման նոր վայրերու կառուցման աշխատանքները, պարպել բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող բնակեցման վայրերը, քանդել իր կառուցած ցեղային զատման պատը եւ վերադարձնել բոլոր հողերը, անշարժ կալուածները եւ դրամատնային հաշիւները, զորս 1967էն ի վեր գրաւած է:

Որոշումը նաեւ կը պահանջէ բռնագրաւումին ընթացքին տեղահանուած բոլոր պաղեստինցիներուն արտօնել իրենց բնակավայրերը վերադառնալ եւ չխոչընդոտել պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ներառեալ պաղեստինեան բռնագրաւուած ամբողջ հողին վրայ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն մը ստեղծելու՝ անոր իրաւունքը:
Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը ողջունեց որոշումը եւ քուէարկութեան արդիւնքը նկատեց պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր օրինական իրաւունքներուն զօրակցող միջազգային իսկական կամքի արտացոլացում:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ ընդգծեց «ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէկ տարուան ընթացքին պաղեստինեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալը պահանջող որոշումի որդեգրման մեծ կարեւորութիւնը»:
«ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը, 124 պետութիւններու անոր ի նպաստ քուէարկութեամբ՝ ուժեղ կերպով հաստատեց իր յանձնառութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ անոր իրաւունքը ունենալու գերիշխան անկախ պետութիւն մը, որ խաղաղ եւ ապահով կերպով Իսրայէլի հետ կողք-կողքի կ՛ապրի, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի առնչակից որոշումներուն հիման վրայ», ըսաւ Պորել՝ աւելցնելով. «Կը շեշտեմ Եւրոպական Միութեան հաստատ դիրքորոշումը, որ 1967ի սահմաններուն վրայ կատարուած փոփոխութիւնները պիտի չճանչնայ, ո՛չ ալ 1967էն ի վեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը, եթէ կողմերը այդ առնչութեամբ համաձայնութիւն չգոյացնեն: Կը վերահաստատենք Եւրոպական Միութեան տեւական եւ կենսունակ խաղաղութեան կոչը»: