
Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական ապրումներով կ՛ողջունենք Արեւմտեան թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու նոր՝ 2024-2025 տարեշրջանի վերամուտը եւ այս առիթով շնորհակալական աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած այն բարիքին համար, որ հայ տղոց ու աղջկանց հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան հետամուտ մեր Կիրակնօրեայ վարժարանները անխափան կը շարունակեն գործել Քալիֆորնիոյ տարածքին եւ Կիրակի, 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան իրենց դռները լայն կը բանան 2024-2025 տարեշրջանին ընդառաջ:
Այս տարի նաեւ կը զուգադիպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներէն Բաբգէն Կիւլէսէրեան կաթողիկոսի կողմէ հիմնադրուած Կիրակնօրեայ վարժարաններու 95ամեակին: Ի ցնծութիւն մեր բոլորին, հայ սերունդներու զաւակներ մօտաւորապէս դարէ մը ի վեր հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն կը ստանան Հայ եկեղեցւոյ ծածկին տակ, ուր Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու վարդապետութեան կը ծանօթանան, այլեւ քրիստոնէական հաւատքը կ՛ամրապնդեն իրենց հոգիներուն մէջ եւ կը զօրանան աստուածային շնորհներով, որպէսզի իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին արժանի ըլլան երկնային նոր ու բազմաբեղուն օրհնութիւններու:
Ահա՛ թէ ինչու մեր հոգին անասելի ցնծութեամբ կը լեցուի, երբ նոր տարեշրջանի վերամուտը կ՛աւետենք մեր սիրելի ժողովուրդին ու անոր մատղաշ զաւակներուն, որոնք Կիրակնօրեայ վարժարաններու ճամբով է, որ Հայ եկեղեցւոյ աւանդական, հոգեւոր ու ազգային ոգիով կը դաստիարակուին, իրենց մէջ կ՛ամբարեն հայկական, բարոյական, մարդկային եւ մարդասիրական վեհ իտէալներու ուսմունք, ձեռք կը բերեն լայն ճանաչողութիւն Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» խօսքին հաւատացող հաւատարիմ հետեւողները կը դառնան:
Շեշտենք անպայման, որ սերունդներու կեանքին մէջ հայ քրիստոնեայ մարդը թրծելու, զայն աստուածային լոյսով շաղախելու կողքին, մեր Կիրակնօրեայ վարժարանները՝ Վերահսկող մարմինի հովանիին տակ եւ համապատասխան տնօրէնութիւն-ուսուցչական կազմերով մինչ օրս կը գործեն Քալիֆորնիոյ տարածքին՝ յանուն հայ դեռատի մանուկներու եւ պատանիներու առողջ եւ աստուածահաճոյ դաստիարակութեան, որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր եկեղեցւոյ, շրջապատին, ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ պիտանի հայ մարդ:
Յատկապէս այս առումով կ՛ուզենք շնորհակալութեան խօսք ըսել բոլոր պատասխանատու մարմիններու, բարերարներու եւ ծառայող անհատներու ու մանաւանդ՝ իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարան բերող եւ հայ քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատացող մեր թանկագին ծնողներուն, որոնք ամէն զոհողութիւն աչք կ՛առնեն՝ ի խնդիր իրենց որդիներու առողջ զարգացման, այլեւ հոգեւոր, ազգային եւ մարդկային արժէքներով հարստացման:
Թող հայ կեանքը ընդմիշտ ծաղկի Յիսուս Քրիստոսի նայուածքին տակ, եւ թող Կիրակնօրեայ մեր վարժարանները հոգեւոր եւ ազգային մշտավառ փարոսները դառնան բոլոր ժամանակներու հայ նոր սերունդներու:
Աղօթարար՝
Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի