Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ քննելէ ետք 2024-2025 տարեշրջանին համար ներկայացուած դիմումնագիրները՝ կրթանպաստի արժանացուց երկու ուսանողներ՝ Տանիելա Ճուլի Ակոճեան (Եու.Սի.Այ․) եւ Ալիք Էլիզապէթ Թիւֆէնքճեան (Եու.Սի.Էլ.Էյ․):
Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ այս ուսանողները կը հետեւին գիտական զանազան մասնագիտութիւններու, ցարդ ձեռք բերած են շատ փայլուն արդիւնքներ եւ գործօն մասնակցութիւն ունին գաղութի ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու մէջ։
«Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ երեք անդամներէն՝ բարերարուհի Թամարա Պարսամեան, դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Շաքէ Պօղարեան։
Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ