Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 23 Սեպտեմբերին ելոյթ ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք կազմուած խորհրդարանի առաջին նիստին եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ վրէժխնդիր ուժերը գլուխ կը բարձրացնեն՝ պնդելով, որ այդպիսի միտքերով եւ երազանքներով կ՛ապրին նաեւ գործող իշխանութիւնները:
Այս տարուան Օգոստոսին ստորագրուած Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը պէտք է վաւերացնէ Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսը:
Հայկական կողմին ուղղուած մեղադրանքներէն մինչեւ Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներ՝ Ատրպէյճանի նախագահը խօսեցաւ զանազան նիւթերու մասին՝ յայտարարելով, որ Պաքուի թիւ մէկը հարցը իրենց (Հայաստանի) ռազմական հզօրացման յաւելումն է: Ըստ Ալիեւի` «Հայաստանի վրէժխնդրական միտումներ»ը զիրենք կը ստիպէ ոլորտը մնայուն ուշադրութեան տակ պահելու:
«Թէեւ բառերով այլ բաներ կ՛ըսեն, բայց իրենց գործերը եւ քաղաքականութիւնը բոլորովին հակառակ պատկերը կը ստեղծեն: Անոնք չեն ուզեր հաշտուել Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին եւ հակաահաբեկչական գործողութեան արդիւնքներուն հետ: Ասիկա կը վկայէ, որ Մինսքի խումբի պաշտօնական պահպանումը մինչեւ այսօր գործնական նշանակութիւն չունի», ըսաւ Ալիեւ:
Երեւանի զէնքերու գնումները պարբերաբար քննադատող Ալիեւ բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք իրենք մեծապէս աւելցուցած են իրենց ռազմական ներուժը, ապա առանց անուններ տալու աւելցուց, որ Հայաստան եւ Հայաստանի ետին կանգնած որեւէ երկիր պէտք է իմանայ, որ իրենց հետ սպառնալիքի եւ վերջնագիրներու լեզուով կարելի չէ խօսիլ։
«Բայց եթէ մենք քիչ ուշադրութիւն դարձնենք ռազմական ոլորտին եւ չապահովենք անոր համար յատկացուող միջոցներու պատշաճ մակարդակը, ապագային կրնանք հարցերու դէմ յանդիման գտնուիլ», ըսաւ Ալիեւ։
Ասոր զուգահեռ, ան քննադատեց ռազմական ոլորտին մէջ Երեւանի քայլերը` զգուշացնելով, որ Հայաստան որեւէ պահու կրնայ սադրանքի դիմել։ «Հայկական կողմը զանգուածաբար կը զինուի, նոյն ատեն զօրավարժութիւններ կը կատարէ այլ երկիրներու հետ` ընդ որում գերտէրութիւններու հետ: Այսինքն, որոշ արեւմտեան երկիրներու` Հայաստանը մեզի դէմ տրամադրելու ծրագիրները աւելի առաւել քան ակնյայտ են»:
Ալիեւ նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ Երեւանը մեղադրելով զայն արհեստականօրէն ձգձգելու մէջ:
Ըստ Ալիեւի՝ կողմերը մինչեւ այսօր խաղաղութեան պայմանագիրի 10 տարբերակներ փոխանակած են, Հայաստանի վերջին առաջարկին իրենք 70 օր սպասած են:
Ան պնդեց, որ Հայաստան ոչ թէ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, այլ ժամանակ կը շահի: «Բոլոր չհամաձայնեցուած դրոյթները հանուած էին խաղաղութեան պայմանագիրի իրենց տարբերակէն: Այսինքն` այդպիսի պարզունակ ու ոչ-համարժէք քայլ մը, անկեղծ ասած, անսպասելի էր», եզրակացուց Ալիեւ։