ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը։
Անոնք մանրամասն կերպով անդրադարձան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ համաձայնութիւններուն։
Անոնք ընդգծեցին կարգաւորման հոլովոյթը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ շրջանային հարցերուն։

Փաշինեան Էրտողանին տեղեկացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ներկայ կացութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրը ստորագրելու պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին։
Հանդիպումին ընթացքին, հայկական կողմէն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղդասարեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, իսկ թրքական կողմէն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ թրքական հետախուզութեան՝ ՄԻԹի, տնօրէն Իպրահիմ Քալըն։