Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն:
«Հայաստան, որուն վարչապետին կողքին Ֆրանսա ուս-ուսի ամուր կանգնած է, կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ անոր տարածքային նկրտումներու ճնշումին տակ: Կային պատերազմներ, որոնց մասին արդէն մոռցած ենք, բանաձեւեր, որոնք չեն կատարուած: Հայաստանի վարչապետը հոս խօսեցաւ տարածքային լարուածութեան մասին: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներկայութիւն ըլլայ հոն եւ աջակցի, որ խաղաղ բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտին: Միջազգային ճանչցուած սահմանները պէտք է պահպանուին», յայտարարեց Մաքրոն:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարոն «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ ֆրանսական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութենէն երկու շաբաթ ետք հանդիպում ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ, եւ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում։ «Մենք կ՛աջակցինք հայկական ժողովրդավարութեան,գերիշխանութեան եւ կայունութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար ու յարատեւ խաղաղութեան», կ՛ըսէ Պարոն։