
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ապատեղեկատուութիւնը՝ ըստ որուն, իբր թէ 26 Սեպտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4:10ի շուրջ, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ շեշտելով, որ ասիկա չի համապատասխաներ իրականութեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յիշեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին առաջարկը՝ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ գործիքակազմի մը հաստատման, որուն Ատրպէյճան ցարդ չէ արձագանգած: