Ռուսիոյ մէջ BRICS-ի կամ ԱՊՀի միջոցառումներուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հանդիպումի մը կարելիութեան որոշումը իրենց գործն է, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա իր կարգին պատրաստ է կատարելու իր պարտաւորութիւնները։