«Միայն ուժը Իսրայէլի ապահովութիւնը չի կրնար երաշխաւորել», Երուսաղէմի մէջ յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նօէլ Պարրօ, որ շեշտեց շրջանին մէջ ընթացող տագնապներուն դիւանագիտական լուծումներ որոնելու կարեւորութիւնը:
Պարրօ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի առաջարկը տակաւին սեղանին վրայ է` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` շարունակելու կայունութեան հաստատման համար երկխօսութիւնը եւ բանակցութիւնը:
Պարրօ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միջազգային ընտանիքը կը կարենայ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար պէտք եղած աջակցութիւնը տրամադրել: Ան աւելցուց, որ առնչակից պետութիւնները պէտք է միասնաբար աշխատին՝ զսպելու համար մագլցումը: