
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 7 Հոկտեմբերին հրապարակեց 5 Նոյեմբերին տեղի ունեցող քոնկրեսական եւ տեղական ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներու ցանկը, Հայ Դատին սահմանած շարք մը ոլորտներու մէջ անոնց հայանպաստ կեցուածքները, առաջնահերթութիւնները եւ խոստումները մանրազնին կերպով քննելէ ետք։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ համայնքին՝ այցելելու ancawr.org/2024-elections-center կայքէջը՝ իր աջակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ցանկին ծանօթանալու եւ անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար:
Ընտրութիւններու կարեւոր թուականներուն եւ պայմաններուն ծանօթանալու համար այցելել HyeVotes.org կայքը։
