
Նոյեմբեր 2024ին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի համաժողովին (COP29) ընդառաջ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կը կատարուին շարժումներ՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիները եւ պատանդները անյապաղ ազատ արձակելու պահանջով։
Արձագանգելով այդ նախաձեռնութիւններուն՝ 11 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11ին նախատեսուած է հաւաքներ կատարել Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ, նաեւ նոյն պահանջով նամակներ պիտի փոխանցուին հասցէատէրերուն։
Նախաձեռնութեան միացան Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպաններ Եուրի Հայրապետեան, Ռուբէն Մելիքեան, Արտակ Բեգլարեան, ինչպես նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Լարիսա Ալավերդեան։