Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այցելեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցան նոյն թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի հետ։
«Թաթոյեան» հիմնարկէն «Նիուզ»ին յայտնեցին, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արցախահայերու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն։ Քննարկուեցան նաեւ հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս միջազգային հանրութիւնը կարելի բոլոր տարբերակներով իրազեկելու Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնալիքներուն մասին: