Հինգշաբթի օր, մինչ հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումները շարունակուեցան, Իսրայէլ անգամ մը եւս ռմբակոծեց կեդրոնական Պէյրութի Պաշուրա շրջանը, որ գլխաւորաբար շիիներով բնակեցուած է։
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ սպաննուած են առնուազն 11 անձեր։
Միւս կողմէ, իսրայէլեան հրետանին կրակ բացաւ հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին վրայ, վիրաւորելով անոր անդամներէն մէկը։
Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ իր յարձակումները, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց Շուֆի Ուարտանիէ գիւղը, ուր արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 10 վիրաւորներ:
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ դէմ դրած է դէպի հարաւային Լիբանանի Լապպունէ շրջանը յառաջանալ փորձող իսրայէլեան ուժի մը եւ դարձեալ ռմբակոծած է հիւսիսային Իսրայէլի Հայֆա քաղաքը:
Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ 3 զինուորներ վիրաւորուած են, իսկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչի խորհրդականը:
Իսրայէլ հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան 30 գիւղերու եւ քաղաքներու վրայ հրթիռարձակում կատարուած է: Հայֆայի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ, իսկ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ 2 զոհեր արձանագրուած են: