Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կանոնակարգը վաւերացնելու մասին նախագիծը ընդգրկուած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի 21 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգը վաւերացնելու մասին նախագիծի զեկուցողը փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն է:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու միացեալ գործունէութեան կանոնակարգը ստորագրուած էր 30 Օգոստոսին 2024ին: 5 Սեպտեմբերին Հայաստանի կառավարութիւնը քննարկեց եւ հաստատեց կանոնակարգը՝ զայն ուղարկելով Սահմանադրական դատարան:
Սահմանադրական դատարանը 26 Սեպտեմբերին կանոնակարգը Սահմանադրութեան համապատասխանող նկատեց: