

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀԱՄԲԱՒԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ՉԻ ԳԱՐ

Հանրապետութեան ծննդեան տօնն էր: Հայու եւ հայրենասիրութեան վերաբերեալ քանի մը քաղուածք կարդացի: Մէկը կը պատկանէր Դերենիկ Դեմիրճեանին: «Հայը Սասունցի Դաւթի նման է եւ անասանելի ըմբոստ, հարուածող է նրա պէս: Քծնում է, ստրկանում օտարի ոտի տակ, ինչպէս իր Ձէնով Օհանը, բայց երբ վրայ է հասնում գերագոյն վտանգը՝ հերոսանում է յանկարծ», կ՛ըսէ ան: Ապա Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի խօսքը գրաւեց ուշադրութիւնս. «Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող»: Մտաբերեցի նաեւ յայտնի իմաստութիւնը. «Յանկարծակի եկած փառքն արագ է անցնում»: Ապա, այս գիշեր, միտքի արագ թռիչքով մը որոշեցի գրի առնել «յանկարծ» բառին գրական յաջողութիւնները, որ գոյացած էր դարաւոր աշխատանքով, ոչ յանկարծ:
ԳԻՐՔԸ ԵԿԱՒ ՅԱՆԿԱՐԾ
Հայը, որ քուրմերու էր սովոր, օր մը ունեցաւ սեփական գիր, ապա բռնեց Սուրբ Գիրքը եւ ընթերցեց բաւական անծանօթ այտայայտութիւններ՝ մռայլ, բացասական: Հարաւէն կու գային անոնք. «Յանկարծակի հողմն մեծ եկն յանապատէ», «Յանկարծակի, սատակեցան, պակասեցան, կորեան վասն անօրէնութեան», «Յանկարծակի խռովութիւն», «Յանկարծակի կորուստ», «Յանկարծակի եկեսցէ թշուառութիւն ի վերայ մեր», «Յանկարծակի կործանեցաւ Բաբելոն», «Յանկարծ մեռանիցի»: Հայ պատմիչներ, սպասելիօրէն, հարստացուցին «յանկարծներու» գանձարանը: Ահա քանի մը լաւ մտածուած խօսք. «Յանկարծ զզինուորսն ընդ ինքեանս միաբանեսցեն»՝ Եղիշէ պատմիչ, «Ի նետէ յարեալ յանկարծս մեռանի»՝ Վարդան պատմիչ:
ՅԱՆԿԱՐԾԱԲՈՒԽ ԲԱՌԸ
«Յանկարծ» բառը դարերու ընթացքին, այլ եւ այլ մասնիկներ ընդունելով աճեցաւ: Հայ միտքը «յանկարծ» բառի տուած կայծով ստեղծեց նորանոր ածականներ: Անսպասելիօրէն կատարուած բարերարութիւնը կամ յորդած ջուրը որակեցինք «յանկարծաբուխ», յանկարծ կատարուած գիւտը՝ «յանկարծագիւտ», անակնկալ յարձակումը կամ անկումը՝ «յանկարծաթափ», վաղաժամ մահը, գալուստը, մթութիւնը եւ ալիքը՝ «յանկարծահաս», ծնունդը՝ «յանկարծածին», իսկ լուսաւորումը՝ «յանկարծածագ»: Արդեօք այս բառերը գործածուա՞ծ են իրենց կեանքի երկար ճանապարհին ընթացքին: Թերթեցի հայկական մատենագրութեան էջերը եւ հանդիպեցայ անոնց: Ահա քանի մը ընտիր օրինակ. «Մահս՝ որ յանկարծահաս եղեւ», «Կարծէր զծփեալ նաւն եկեղեցւոյ յանկարծահաս ալեացն անդէն յառաջին նաւահանգիստն հասուցանել», «Բնութիւն լուսոյ նուրբ եւ երագ բնութիւն է, յանկարծածագ եւ վաղահաս ծագում», «Յանկարծածին ժամովն լուսաւորել», «Յանկարծածին րոպէիւք սահմանեցին զծնունդս այնոցիկ»… Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այս ածականները, տակաւ առ տակաւ վերադառնային մեր առօրեայ լեզուին ու յանկարծ փայլէր մեր աշխարհաբարը:
ՉԸԼԼԱՅ ՈՐ ՅԱԿՆԱՐԾ ԿՈՐՍՈՒԻՍ
Իմաստութիւնը յանկարծ չէ որ ձեռք կը բերուի: Հայը սիրեց «յանկարծ» բառով լուրջ միտքեր շօշափել: Միջնադարեան տաղասաց Մելքոնը «Տաղ Ղարիպի» քերթուածին մէջ փորձեց տառապող պանդուխտը սփոփել. «Մի՛ տրտմիր, ո՛վ ղարիպ, ի մէջ աշխարհի,» ըսաւ ան ու բացատրեց, թէ աշխարհի ունայնութիւնը, կամ չարի մեծութիւնը՝ «յանկարծ ցամաքի»: 1978 թուականին, Վարդգէս Պետրոսեանը «Վերջին Ուսուցիչը» վիպակին մէջ, գրականութեան ուսուցիչ Վահան Մամեանի բերանով իմաստասիրեց ընթերցանութեան մասին. «Գիրք կարդալը ծով մտնելու նման է, պիտի գլուխդ պտտուի ծովի անսահմանութիւնից, պիտի յանկարծ քո մէջ շօշափես յաւերժութեան ներկայութիւնը»: Իսկ անկախութեան առաջին օրերուն, բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեան իր սիրտին մէջ տեղաւորեց հանրապետութիւնը, որ ըստ իրեն՝ փոքրիկ էր ինչպէս նորածին զաւակ, պատճառաբանելով՝ «…որ չկորցնեմ յանկարծ»:
ՅԱՆԿԱՐԾ ԲԱՌ ՄԸ
Հայը երբ վտանգի եւ ուրախութեան մասին պիտի խօսէր – որոնք յաճախ յանկարծակիի կը բերեն մեզ – յարմար եկաւ «յանկարծ» բառը: Օր մը, ուշ միջնադար էր, 1600ականներ, տաղասաց եւ վաճառական Սահակ տաղասացի առագաստանաւը Պոնտոսի վրայ հանդիպեցաւ անակնկալ փորձանքի: Սարսափեցաւ ան: Խօսեցաւ ծովուն հետ: Աղաչեց, ողորմութիւն խնդրեց, որ ապահով տուն հասնի. «Սաստիկ հողմուն հանդիպեցայ, / Ամենեցո՞ւն այդ բան կառնես, / Թէ՞ զիս միայն կու տեսանես, / Վախեմ յանկարծ քարին ածես, / Ողորմեա’ ինձ, ղարիպ եմ, ծո՛վ, / Ծո՛վ, ծո՛վ, զալը՛մ ծով, / Զիս իմ երկիրն առաքեա՛, ծո՛վ»: Նոյն օրերուն, Մինաս Թոխաթեցի տաղասացը շատ հիւանդ էր, բայց «հոգով, մարմնով» ուրախացաւ, որովհետեւ եփած էին իր ամենասիրած ճաշը: Այդ վայրկեանին ծնունդ առաւ «Տաղ եւ գովասանք հերիսի» բանաստեղծութիւնը. «Հիւանդ մարմինս ի դող ելաւ, / Յանկարծ շուտով առողջացաւ»: Իսկ Պոլսոյ մէջ Զահրատը զբաղած էր ոսպեր քով քովի դնելով՝ ոտանաւոր մը շարելու գործով. «Ոսպ ոսպի քով — քար ոսպի քով — յանկարծ բառ մը — բառ ոսպի քով»:
ՄԱՀԸ ԵԿԱՒ ՅԱՆԿԱՐԾ
«Մահ» եւ «յանկարծ» բառերու պատմութիւնը «յանկարծամահ» ածականով սահմանափակուած չէ: Այդ երկուքը, չէինք սպասեր, կազմեցին հսկայ գրականութիւն մը: Այն այրերը, որոնք կը հեռանային այս աշխարհէն՝ առանց անոր շնորհները լիովին վայելելու, ափսոսանքով նայեցան հեռացող կեանքին եւ տարտամ տաղեր յօրինեցին: Միջնադարեան տաղ մը ինչ լաւ ձեւով կը պատմէ յանկարծակիի եկած մարդու մը շփոթը. «Գեղեցիկ ու զարմանալի, / Ուտէի, խմէի անուշ / Ու մահուան կարծիք չունէի, / Յանկարծ ցաւն զիս էառ»: Ներսէս Անձնապատցի տաղասացը, որ ժամանակին փարթամ մարդ էր, խոստովանեցաւ, որ այժմ կ՛այրի մեղքերու մէջ. «Ես ծառ պտղաբեր էի, / զոր տնկեաց աջդ անեղական, / Յանկարծ չորացայ մեղօք, / կու այրէ հուրն անշիջական»: Նոյն օրերուն Մելքոն տաղասացը հողեղէններուս խրատ մը տուաւ. «Որ այսօր ծնեալ է, վաղիւն մեռանի… / Մտածէ, որ տէր Քրիստոս յանկարծ հասան»ջ: Սուքիաս տաղասացը կը տառապէր յանկարծահաս մահուան տեսիլքով: Անոր միակ ապաւէնը Քրիստոսն էր. «Իսկապէս բարերար զքեզ, Տէր, ունիմ, / Բաց ի քէն բարերար, զայլ ոք ոչ ունիմ, / Մի գուցէ անթոշակ յանկարծ մեռանիմ / Բաց ի քէն բարեկամ զայլ ոք ոչ ունիմ»: Զանգեզուրի մէջ բանաստեղծ Համօ Սահեան օր մը նստեցաւ եւ յիշեց իր «պապը»: Այդ դարաւոր մարդն էր տնկած գիւղի ծառերը, պայտած՝ ձիերը, շարած պատերը, ջրած արտերը… Եւ այդ մարդը վարած էր, ցանած էր, եւ իր արդար քրտինքով պահած էր իր տունը: Բայց օր մը՝ «…մի օր էլ, երբ յանկարծ / Ծալուել են ծնկները, / Զարմանքից քարացել, / Ամօթից շիկնել է: / Թողել է նա մաճը / Եւ շունչը պահել է… / Եւ պապը ակոսում / Պառկել ու քնել է, / Խառնուել այն հողին, / Որ իրեն սնել է»: Լաւ մահը կու գայ յանկարծ եւ անկասկած: Այդ տեսակն է Պարոյր Սեւակի համար երանելին. «Եթէ մեռնե՜լ… / Թո՛ղ որ մեռնեմ / հուր-կայծակից՝ / Միանգամի՛ց, / մի վայրկեանո՛ւմ, / Յանկարծակի՛»:
ԳԱԼ ՇԱԲԱԹ, ՅԱՆԿԱՐԾ…
Յարգելի ընթերցող, միշտ չէ՛ որ մահը կու գայ յանկարծ: Սէրն ալ յանկարծ գալու սովորութիւն մը ունի: Մեր գրականութեան մէջ Դուրեանները, Վարուժանները, Տէրեանները, որոնք յանկարծ յայտնուեցան եւ անհետացան, իրենց համրուած օրերուն մէջ երգեցին սէրը, գեղեցիկը, ազնիւը…։ Այդ պատմութիւնը, զոր համբերատար համադրութեամբ կազմեր եմ, կը փափաքիմ յաջորդ յօդուածիս մէջ ձեզի մատուցել: Իսկ այժմ, ինչպէս մեր սովորութիւնն է, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Նունէ Եսայեանի մէկ երգով: Յուզիչ պատմութիւն մըն է անիկա՝ հեռացած սիրոյ նուիրուած: Մինչ անոր մեղեդին համակէ ձեր սիրտը, կը ցանկամ, որ սէրը եւ գեղեցիկը հանդիպին ձեզի՝ յանկարծ.
«Մոռանալ չեմ կարող իմ սէր…
Ու թէ յանկարծ երգս քեզ չհասնի
Չեմ տխրի, այդքան կը պահեմ ես գաղտնի
Թող մնայ ինձ հետ սէրը իմ յօրինած
Քեզ համար անյայտ աշխարհին յայտնի»: