
Թուրքիա եւ Իսրայէլ կ՛արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցին ռուսական սպառազինութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆորպզ»ը՝ վերլուծելով նախորդ ամիս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ADEX ռազմական արդիւնաբերութեան ցուցահանդէսը:
Եռօրեայ այդ հաւաքին ընթացքին Ատրպէյճան ցուցադրեց տակաւին 1950-60ականներուն արտադրուած, սակայն այժմ նորացուած «Սու-25» կործանիչներ եւ «Տ-72» հրասայլեր, ինչպէս նաեւ խորհրդային արտադրութեան «Շիլկա» զենիթային ինքնագնաց ու «Օսա-ակ» զենիթահրթիռային համալիրներ:
«Անոնց արդիականացումը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ պահել հին զինամթերքը՝ նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը համալրէ բանակը թրքական եւ իսրայէլեան ժամանակակից, առաջատար անօդաչու թռչող սարքերով ու փաքիստանեան կործանիչներով», կը գրէ «Ֆորպզ»ը:
«Սու»երու արդիականացումը կատարած է թրքական Aerospace Industries ընկերութիւնը (TUSAS): Թրքական «նորարարութիւններէն» ետք արդէն Ատրպէյճանի զինանոցին մէջ գտնուող «Սու-25» գրոհային օդանաւերը կրնան արձակել քանի մը կառավարուող եւ սաւառնող թրքական ռումբեր եւ նոյնիսկ թեւաւոր հրթիռներ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ արդիականացուած «Տ-72» հրասայլեր, որոնց մեծ մասը Պաքու ներածած է Պելոռուսէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն եւ Սլովաքիայէն, իսկ անոնց արդիականացումը կատարած է իսրայէլեան Elbit Systems ընկերութիւնը:
Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն բացի, Ատրպէյճան համագործակցած է նաեւ չեխական ընկերութեան մը հետ. ըստ European Defence Review պարբերաթերթին, Սումկայիթի արհեստագիտութեան ընկերութիւնը արդիականացուցած է «Շիլկա» զենիթային ինքնագնաց համալիրները, որոնք ներկայիս կ՛օգտագործուին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ:
Նոյն այս պարբերաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ատրպէյճանցի պաշտօնեաները ըսին, թէ մտադիր են արդիականացնել նաեւ բոլոր այն հրասայլերը, որոնք իբրեւ ռազմավար ստացած են Արցախի դէմ յարձակումին իբրեւ արդիւնք:
«Հաւանաբար Ատրպէյճան կ՛ուզէ պահպանել քանակական եւ որակական առաւելութիւնը Հայաստանի նկատմամբ», կը գրէ «Ֆորպզ»ը՝ փաստելով, որ վերջերս Ատրպէյճան համալրած է իր զինանոցը Փաքիստանէն ստացած կործանիչ օդանաւերով: