«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իսրայէլացի իր պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններէն դիւանագիտական հոլովոյթին անցնիլ», հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը՝ աւելցնելով. «Օսթին Կալանթին շեշտեց ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը «Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտալի կացութեան դարմանման համար քայլեր որդեգրելու կարեւորութիւնը շեշտեց»: