Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի երրորդ հանդիպման, յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան, ի պատասխան «Ազատութեան» հարցումին:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 15 Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ:
«3+3»ը ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստացած տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ է։ Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու՝ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը։