Ամէն տարեվերջին իւրաքանչիւր անհատ կամ հաւաքականութիւն (բոլոր բնագաւառներուն մէջ, առաւել կամ նուազ չափով) կը փորձէ անցեալի փորձառութեան հիման վրայ տուեալ կալուածին մէջ իր գործունէութեան ծրագիրը վերամշակել: Ան կը ձգտի բարելաւել իր իրավիճակը ընդհանրապէս։ Ինքնաքննարկումի այս գործընթացը կը կատարուի անհատական թէ հաւաքական մակարդակներուն վրայ։
Գրեթէ նոյն գործընթացը կ՚որդեգրուի կայացած պետութեան մակարդակին վրայ, սակայն աւելի բարդ, աւելի պատասխանատու բնոյթով։
Անցած տարի հայ պետական թէ ազգային հորիզոններուն վրայ տեղի ունեցան նշանակալից իրագործումներ, յառաջխաղացքներ, կարեւոր նախաձեռնութիւններ։ Նաեւ՝ բացթողումներ կամ անկատար ծրագիրներ։ Այնուհանդերձ, թէ՛ արձանագրուած իրագործումներուն եւ թէ ձախողած նախաձեռնութիւններուն խորքային արժեւորումը կը սատարէ ապագայի համար ճշդելի միջոցառումներուն եւ ներդրումներու բաշխումին՝ ըստ կարելիութեանց եւ առաջնահերթութեանց։
Այս ուղղութեամբ ցանկութիւններն ու փափաքները գործնական արդիւնքներ չեն տար. պետական պատասխանատուութեան վրայ գտնուող դերակատարներու առընթեր նոյնքան ժողովուրդի ազգային պատասխանատուութեան մաս կը կազմէ առաջիններու աշխատանքներուն եւ խոստումներուն տեսանելիութիւնը բացայայտող ապացոյցներու յայտնաբերումը. եւ կամ անոնց բացակայութեան՝ գրաւոր կամ բանաւոր միջոցներով հաշուետուութեան եւ համարատուութեան յիշեցումը։
Անշուշտ, ասոր աւանդոյթը տակաւին չէ կազմաւորուած նորանկախ մեր հայրենիքին մէջ: Քաղաքական առանձնաշնորհումները, քաղաքական հատուածական շահերը, թայֆայական, փտած մենաշնորհները ժողովուրդը կը պահեն մխրճուած իր առօրէական հոգերուն մէջ։
Պետական անձնաւորութիւններու վարած պատասխանատուութեան թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուութիւնը գէթ օրէնքի ճամբով ամրագրուած ըլլան՝ սահմանադրութեան, իրաւական մարմիններու եւ արդարադատութեան իշխանութեան գերադասութեամբ: Այս առումով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ուսերուն ինկած պատասխանատուութիւնը բարդ է եւ ծանրակշիռ։
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն իր սեփական թեկնածուով կը մասնակցի։ Այլընտրանքային թեկնածուները կը մասնակցին երկարաշունչ, սպառիչ, աննախատեսելի եւ անախորժ անակնկալներու տաղտուկով լի վազքին: Յանդուգն սկիզբ մը անկասկած. հիասթափութիւն եւ յուսադրում՝ միաժամանակ։ Այս առաջի՛ն քայլն է հիմնականը. քաղաքական եւ քաղաքակրթական բարձունքներ նուաճելու ազդանշանը ե՛ւ աննահանջ մարտահրաւէրը փոխանցուած է մեր ժողովուրդին: Անմիջապէս աւելցնենք, որ քուէարկութեան արդիւնքներու պատասխանատուն նոյնքան ինքը՝ քուէարկող հայորդին է իր անկաշկանդ մասնակցութեամբ։
Քաղաքական թէ այլ բնոյթի ընտրութիւններու առողջ նախադրեալներու եւ մթնոլորտի ստեղծման սատարող համեմատական առաջին փորձն է թեկնածուներու այլազանութեան երեւոյթը։ Սակայն, խանդավառութեան եւ յուսաբեկումին միջեւ նուրբ լուսամուտ մը կայ միայն։
Անմիջապէս կ’ուզենք շեշտել, որ ընտրութիւններու առողջ ընթացքն ու օրինական մթնոլորտը առաջնահերթ արժեչափեր են. ընտրողներն են իրենց իրաւունքներուն տէրը։
Այս ուղղութեամբ ընտրարշաւները հունաւորելու պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Դաշնակցութեան ուսերուն։
Իր ընտրական ուղեգիծը էապէս իր գաղափարական էութեան թարգմանն է, առնուազն այդ էութեան հնարաւոր առաւելագոյնը ունենալու մօտեցումով։ Բռնազբօսիկ խանդավառութենէ հեռու, կաղապարացած կապկումներէ հեռու, ինքնանպատակ առաքելութիւններէ հեռու, ժողովուրդին երթալու եւ այս վերջինին ծառայելու պատրաստակամութեամբ, դաշնակցական մարդը ինքզինք քննութեան պիտի ենթարկէ եւ իր օրինակով առողջ գործունէութեան մը սերմերը եւ նախընթացները կերտէ: Սա հայ ազգի ինքնատիպ հոգեկերտուածքը անաղարտ դարձնելու սիզիֆեան ճիգի ուխտագնացութիւնն է: Հայ ժողովուրդի միտքի եւ հոգիի աչքերը վերաբանալու յոյժ կարեւոր յանձնառութիւնն է, զոր դաշնակցական քաղաքական մարդը եւ իր գաղափարական աշխարհը պիտի մարմնաւորեն։ Խոստումները՝ գործով, առաջարկութիւնները՝ հետեւողական ու անդադրում ճիգով, երկխօսութիւնը ժողովուրդին հետ՝ ուղղակի, պարզ, եւ յատկապէս անշեղ անկեղծութեամբ։
Քաղաքական հոսանքները հակառակորդներ են եւ ոչ թէ ոխերիմ թշնամիներ. միտքերու տարբերութիւնները, տարակարծութիւնները եւ կամ դիրքորոշումները միմիայն ընտրապայքարի շրջագիծէն ներս հանդուրժելի երեւոյթներ պիտի մնան. ընտրապայքարի համար եւ ընտրապայքարով աւարտած աշխուժութիւն։ Քաղաքական փորձի եւ հանդուրժողութեան սովորոյթի կազմաւորման նպաստող մթնոլորտի կազմաւորումը ապագային հաշուոյն անփոխարինելի քաղաքական մշակոյթի մը սերմերը կը ցանէ։
Մեր ժողովուրդի նկարագիրն ու բնաւորութիւնը նկատի ունենալով, կարգ ու կանոնի պատմուճանին պատշաճելու դժուարութենէն պիտի անցնի ան բնական կերպով։ Հետեւաբար, հայ քաղաքական շրջանակները պիտի գիտնան, որ իրենց տեսողութեան միջոցը հայ ժողովուրդի զարկերակն է. պետական գործունէութիւնն ու ընդհանրապէս քաղաքական աշխատունակութիւնը նոյն հարթակին վրայ չեն իյնար. պետական պաստառին վրայ աւելի նախանձախնդրութեամբ ճշդուած ուղենիշերը արժանիքներն են եւ ոչ թէ այս կամ այն կազմակերպութեան պատկանելիութիւնը կամ անդամակցութիւնը:
Նախագահական ընտրութեանց Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը, իբրեւ առաջին փորձ, զինք կը դնէ ազգային շատ ծանր պատասխանատուութեան տակ, որմէ խոյս տալու ո՛չ մէկ պատճառ ունի։ Ան իր հարազատ երկրամասին մէջ կը գտնէ իր գործունէութեան բնական միջավայրը։
Պատասխանատուութեան եւ Հայաստանի անդորրութեան եւ գոյութեան պահպանումին համար պետութեան օրինականութեան ծիրին մէջ գործունէութիւն ընդարձակելու եւ իբրեւ պետական մտածողութիւն զարգացնող քաղաքական կուսակցութիւն, ժամանակին ընթացքին իր ներքին հաւասարակշռութիւնը պիտի ամրապնդէ։
Առհասարակ, փոխանցման ժամանակաշրջանները աւելի նուրբ են, աննախատեսելի եւ անակնկալներով յղի։