

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՍԷՐԸ ԵԿԱՒ ՅԱՆԿԱՐԾ
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, կարդացինք «յանկարծ» բառին՝ դարերու ընթացքին հասունցած պատմութիւնը: Յանկարծաբուխ չէր ան, ոչ ալ յանկարծագիւտ կամ յանկարծածին: Հարիւրաւոր գրիչներ պէտք էին, որ բառս «կարծ» արմատէն դառնար «յանկարծ»: Բազմաթիւ տաղասացներ, բանաստեղծ-վարդապետներ՝ յանկարծ եկած մահը, սովը, թշուառութիւնը, գաղթականութիւնը, նոյնիսկ «յանկարծ գալիք Քրիստոսը» պատմեցին մեզի: Բայց, մենք մտածեցինք, թէ միշտ ցա՞ւը կու գայ յանկարծ, լա՞ցը, սո՞ւգը… Այսօր կ՛ուզեմ ցոյց տալ, թէ սէրն ալ ունի յանկարծ գալու սովորութիւն մը: Ուստի, ձեզ կը հրաւիրեմ Դուրեաններու, Վարուժաններու, Տէրեաններու եւ այլ գրիչներու յանկարծափայլ տողերը վայելելու:
ՅԱՆԿԱՐԾ ԵԿԱՒ ԳԵՂԵՑԻԿԸ

1900ներու սկիզբը, Պոլսոյ մէջ, յանկարծ յայտնուեցան գեղեցիկը պաշտող, նրբազգաց գրողներու խումբ մը, բայց աւա՜ղ, տասը տարիէն անոնք ալ անհետացան յանկարծ: Կեանքը եւ բնութիւնը սիրող այդ ազնիւ տղաքը, ո՛չ յանկարծ, բայց մարգարտեայ քրտինքով, բառ առ բառ հիւսեցին քերթուածներ: Անոնք մեր գրականութեան տուին անսպասելի փայլ մը: Այժմ յիշենք այդ տողիկները, որպէսզի անոնք չկորսուին յանկարծ: Միսաք Մեծարենց մեզի տուաւ բնութեան զմայլելի պատկեր մը: Ան նկարագրեց վճիտ լիճի վրայ ծագած առաւօտեան լոյսը եւ անոր տուած ուրախութիւնը, որ անոր կը պատճառէր գինովութիւն. «Ճառագայթներ խուսափուկ / Լիճերուն մէջ կը խաղան, / Եւ յանկարծ բոյր մը դեղձան / Կը ներկէ ջուրը փափուկ»: Լոյսերը խուճապի կը մատնուի՞ն: Ըստ Մեծարենցի համար, ամէն առաւօտ՝ «Ա՜հ, կը շտապեն, կը փախչի՜ն / Ճամբաներու լոյսերն ամէն, / Յանկարծական խուճապի մը մատնուած»: Մէկ այլ գեղապատկեր յօրինեց Դանիէլ Վարուժանը: Քերթուած չէր գրեր ան, բնութեան պաշտամունք կը կատարէր կարծես. «Ամպի մը տակ լուսինն յանկարծ կը մարի, / Կը լռէ հովն, ամէն աստղեր մի առ մի / Ասուպ կ’ըլլան, կ’ըլլան վարդերն ալ վէրքեր»: Ռուբէն Սեւակի գրիչին հանդիպեցաւ լացող կին մը. «Հեկեկալով ան յանկարծ կ՛անցնի մութին մէջ տրտում»: Միսաք Մեծարենցը նկարագրեց իր «սիրաւեր» հոգին. «Պիտի ապրի՜մ, վիշտը նոր ուժեր կը բերէ յանկարծ»: Այդ օրերուն Սիամանթօն զբաղած էր հայկական գիրերու գիւտը մեկնաբանելով: Ան համոզուած էր, որ անոնք յանկարծագիւտ տառեր էին: Սերովբէ մը Մեսրոպի մրափին մէջ մտած էր եւ աջ ձեռքին Հայկազնեան տառեր կային. «Յանկարծ՝ Սուրբը… / Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին… Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց»: Իսկ մեր օրերուն, Կիւմրի ծնած բանաստեղծ Յովհաննէս Շանթը մեզի պարգեւեց անձրեւի լուսափայլ կաթիլները նկարագրող երկտող մը. «Սեւ մարգարիտներ ծնւում են կեանքում, / Երբ լոյսն է յանկարծ լալիս անարցունք»: Իսկ այժմ հասկնանք, թէ ի՛նչ զգաց հայ բանաստեղծը, երբ գեղեցկուհի մը յանկարծ յայտնուեցաւ իրեն առջեւ:
ՄԵՐ ՄԱԶԵՐԸ ԽԱՌՆՈՒԵՑԱՆ
Երբ հայկական քնարերգութեան էջերը կը թերթէի, տեսայ, թէ բոլոր հեղինակները համաձայնած են… յանկարծ եկած սէրն է քաղցր: Նախ խօսեցաւ Խառակոնիս գիւղի բնակիչ Նահապետ Քուչակը: Օր մը ան քունի մէջ էր: Տանիքի վրայ: Երազ տեսաւ: Իր լուսերես եարն էր: Արթնցա՛ւ: Լուսինը տեսաւ. «Իմ եարն յերազիս եկաւ, / ի սիրուն զէտ հարբած եղայ. / Յանկարծ ի քնուս ելայ, – / լուսինկայ, ու խիստ կու ցոլայ»: Այժմ երթանք Պոլիս: Պետրոս Դուրեանն է, որ շոգենաւ մը նստած՝ կը ճամբորդէ Պոսֆորն ի վեր: Ո՜վ գիտէ ի՛նչ միտքերու մէջ էր տղան, երբ անսպասելի ձայն մը սթափեցուց զինք. «Մէկ մ՛ալ յանկարծ սանդուխէն / Վեր ելնելու ոտնաձայն մը / Շփոթեց զիս եւ աչերս / Դարձուցի դէպ յայն կողմը: / Հայուհի մ՛էր վեր ելնողն, / Բարձրահասակ եւ գեղադէմ. / Անցաւ մօտէս նէ սիգաճեմ»: Բրգնիկ գիւղին մէջ, բարտիներու շուքին տակ, Դանիէլ Վարուժանն ու իր հարսը նստած էին: Սիւքը եկաւ: Քնքշօրէն շոյեց մազերը. «Մազերն անոր՝ երբ մազերուս / Խառնել կու գայ յանկարծ քամին՝ / Զոյգ բարտիները սիրասոյզ / Աստղերուն մէջ կը համբուրուի՜ն»: 1921 թուականին, Մարտ ամիսն էր, Պոլսոյ Փրինքիփօ կղզիին վրայ ապրող Մատթէոս Զարիֆեանը նամակ գրեց իր նշանածին. «Յանկարծ կը դեդեւիս, գլուխդ կը դնես ուսիս. աստղերուն տակ՝ աչքերուդ մութը կը բարձրանայ նայուածքիս»:
ՔԵԶ ԳՏԱՅ ՅԱՆԿԱՐԾ…
Հայկական գրականութեան արեւելեան թելերուն վրայ ալ հնչեցին սիրոյ հնչիւններ: Նախ Տէրեանն էր, որ իր մատները դրաւ քնարի վրայ: «Մթնշաղի Անուրջներ» ժողովածուին մէջ լսեցինք անոր մեղմ ձայնը. «Յանկարծ կը զարթնի ջերմ լալու փափաք… Յանկարծ, անկարծ շշնջում ես, որ կը գաս… Իմ մոլոր ճամբին դու յանկարծ իջար… Գուցէ դու յանկարծ «պատահմամբ» դուրս գաս, կարօտս, գուցէ, դու յանկարծ զգաս»: Եղիշէ Չարենցին այնպէս թուաց, որ տեսած ըլլայ իր սիրած կինը. «Մօտեցաւ յանկարծ լուսաւոր, տխուր, / Տխրօրէն վճիտ երազը նրա»: 1923 թուականին, Ղարաքիլիսայի մէջ ծնած Միքայէլ Ամիրբեկեանը, որ յայտնի է ճակատամարտեր նկարագրող պատմավէպերով, օր մը յանկարծ փափաքեցաւ սէրը նկարագրել. «Սէրը ձկնորսի ուռկանի պէս է, յանկարծ ընկնում ես մէջը եւ… եւ դու այլեւս ազատ ջրերում անհոգ լողացող այն ձուկը չես»: Վերջապէս, Պարոյր Սեւակը, որ ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, որոշեց յանկարծ հրաժեշտ տալ մեզի եւ գրի առաւ այր ու կնոջ կրքոտ, տրտում պատկերներ. «Եթէ յանկարծ դու քո հեռուից նկատէիր, ու ձայն տայիր…, Իմ խեղճ դռնակը յանկարծ ենթարկուեց ահեղ փորձութեան, դու էիր թակում…, Իմ լեզուն յանկարծ չասի. Ցանկալի՜ս»: Սեւակի վերջին խօսքը կը պարունակէր յոյս եւ լաւատեսութիւն. «Քեզ չփնտռեցի, չորոնեցի, եւ… գտայ յանկա՜րծ»:
ՆՈՐԻՑ՝ ՅԱՆԿԱՐԾ
Հայկական ժամանակակից երգարուեստը այսօր հարուստ է առաւօտուն յայտնուող եւ յաջորդ գիշեր ալ յանկարծ անհետացող մեղեդիներով: Անոնք կը փայլին լուցկիի կայծի նման ու կը մատնուին մոռացութեան: Այժմ, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ հայրենի երգիչ Մարտին Մկրտչեանի սիրային մէկ երգով, որ յուսանք, թէ կը մնայ երկարակեաց.
«Երկնքում մարեց արեւն յանկարծ
Ու հեռւում կորաւ անտես անդարձ:
Կարօտը ինձ խեղդեց յանկարծ
Ես այսօր նոր սէր գտայ յանկարծ…
Դու այսօր իմը դարձար յանկարծ,
Թէ ինչպէս չիմացայ:
Իմ սրտի հուրը հանգած վառեցիր,
Նորի՛ց յանկարծ»: