ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Ատրպէյճան COP29 կոչուող ժողովին միջոցաւ կեղծիքներու աննախադէպ ալիք մը կը պատրաստէ», ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լորանս Փեթէլ։
«Իրական Ատրպէյճանը քարիւղի եւ կազի պետութիւն է: Բռնապետութիւն՝ ընդդէմ մարդկային իրաւունքներու: 2020ին Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օգտագործեց իսլամ ծայրայեղականներ՝ ճիհատականներ, եւ ֆոսֆորային ռումբեր: 2023ին անիկա օգտագործեց շրջափակումը եւ սովը: Բարի գալուստ CopOfShame (ամօթի COP)», գրած է Փեթէլ: