Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին կազմակերպութեամբ, 2 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամ 6 տեղի պիտի ունենայ Արցախի հայաթափման եւ անոր հետեւանքներուն նուիրուած գիտաժողով մը, համալսարանին «Պովարտ» սրահին մէջ։
Քննարկումին պիտի մասնակիցին դասախօսներ, մտաւորականներ, քաղաքացիական հանրային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ:
Արձանգրուելու եւ ծրագիրին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը։