Խմբավար Կրեկ Հօշարեանի ղեկավարութեամբ, «Արմինիըն Փափս» նուագախումբը իւրայատուկ համերգ մը պիտի մատուցէ Նոյեմբեր 10ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ (216 N. Brand Blvd, Glendale, CA 91203), երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ։
Համերգը առիթ մը պիտի ըլլայ ներկայացնելու Հօշարեանի յօրինած եւ մշակած ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ կը ձուլուին դասական, ժողովրդային, ճեզ եւ հայկական երաժշտութիւնները՝ Հօշարեանի իւրայատուկ ոճին հաւատարիմ։
40 հոգինոց նուագախումբին կողքին, ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ երգչախումբ մը։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Կրեկի հօր՝ Էտուարտ Հօշարեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամին, որ նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող հայ ուսանողներու:
Տոմսերը կարելի է ապահովել կայքէջէն։