18-20 Հոկտեմբերին, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբը ամբողջական կազմով հանդիպում ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու, Արցախի թեմի առաջնորդին հետ, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ իրականացուած աշխատանքներուն եւ ապագայ կատարուելիքներուն վերաբերեալ:
Եռօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին յանձնախումբը՝ կարեւոր նկատելով նախորդիւ իրականացուած աշխատանքը, գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական, ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի հարցը տարբեր ձեւաչափերով բարձրաձայնուած եւ արձանագրուած է շարք մը պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու յայտարարութիւններուն մէջ: Այս հանգամանքը հիմք կը ստեղծէ յանձնախումբի գործունէութեան երկրորդ փուլի մեկնարկին համար, որ միտուած է ամրագրելու եւ զարգացնելու արձանագրուած արդիւնքը եւ ջանքեր գործադրելու վերադարձի իրաւունքի շուրջ քննարկումներուն համար անհրաժեշտ միջազգային բանակցային ձեւաչափի ստեղծման ուղղութեամբ:
Յանձախումբին կողմէ քննարկուեցան յառաջիկայ վեց ամիսներուն իրականացուելիք աշխատանքները, որոնք կը ներառեն Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, հանրային եւ մասնաւոր գոյքի պաշտպանութեան, Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէ կենսական կարեւորութեան այլ ուղղութիւններ:
Այս հարցերուն ուղղութեամբ համադրուած գործելու անհրաժեշտութեան օրակարգով յանձնախումբին եւ «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ կլոր սեղան-քննարկում, որուն մասնակցեցան Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, հասարակական, դիւանագիտական եւ վերլուծական շրջանակներու չորս տասնեակէ աւելի մասնակիցներ:
Յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ բոլոր շահագրգիռ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ համագործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը: