Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լը Քորնիւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը «մեր հաւաքական ապահովութեան համար կարեւոր է»` զգուշացնելով Լիբանանի քայքայումէն եւ այնտեղ «մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի» մը ծագումէն:
«Ներկայիս մեր դիրքորոշումը հիմնուած է մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի մը նկատմամբ մտավախութեան վրայ», ըսաւ Լը Քորնիւ:
Ան այդ մտավախութիւնը հիմնաւորելու համար նշեց տեղահանուած հանրութիւնները եւ «յարանուանութիւններու միջեւ շատ ուժեղ զգայնութիւններ, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»ի տկարացումը, ինչ որ լաւ լուր է, հակառակը պիտի չըսենք»:
«Կը տեսնէք, որ Լիբանան կրնայ տակաւին աւելի քայքայուիլ», աւելցուց Լը Քորնիւ:
Խօսելով Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ժամանակաւոր ուժին` ՖԻՆԻՒԼին մասին, Լը Քորնիւ յայտնեց, թէ ինք կը ցաւի, որ իսրայէլեան բանակը «միշտ չէ, որ իր գործողութիւններուն մէջ ապահովական պէտք եղած քայլերը կ՛որդեգրէ»:
Լը Քորնիւ ըսաւ, որ յստակ է, թէ «Հըզպալլա»ն ՖԻՆԻՒԼի ուժերը իր գործողութիւններուն մէջ իբրեւ ծածկոյթ կ՛օգտագործէ, սակայն, այդ ուժերու դիրքերը անցեալ շաբաթ իսրայէլեան բանակին կողմէ «ուղղակի թիրախ դարձան»:
«Որոշ թիւով ահաբեկիչներու վնասազերծման միջոցով մարտավարական իրերայաջորդ յաղթանակները բաներ են, որոնց համար պիտի չցաւինք, սակայն անոնք միջին եւ երկար տեւողութեան վրայ Իսրայէլի ապահովութեան յստակ հորիզոններ չեն ապահովեր», ըսաւ Լը Քորնիւ: