Պաքուի դատարանը մերժեց Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութեան ժամկէտի երկարաձգման դէմ բողոքը:
Այս մասին յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Վարդանեան ներկայացուած բողոքով խնդրած էր չեղարկել բանտարկութեան որոշումը, սակայն դատարանը բողոքը անհիմն նկատեց: