Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդական հաւաքականի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի չափահասներու ախոյեան, 73 քիլոկրամ ծանրութեան Գոռ Սահակեան երկամարտի 320 քկ. արդիւնքով (140+180 քկ.) ոսկի մետալի տիրացաւ Լեհաստանի մէջ ընթացող 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան, կը յայտնէ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Պոկում վարժութեան ընթացքին Սահակեան յաջող մօտեցում մը կատարեց եւ գլխավերեւը պահելով 140 քիլոկրամ կշռող ծանրաձողը` նուաճեց վարժութեան փոքր պրոնզ մետալը: Հրումի ատեն հայ ծանրաբարձը երկու յաջող մօտեցում կատարեց եւ՝ բարձրացնելով նախ 175, ապա 180 քիլոկրամ կշռող ծանրաձողը` փոքր ոսկի մետալ շահեցաւ: