Ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն՝ Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան կարգ մը անդամներ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ 28 Հոկտեմբերին նախատեսուած նիստին ուզած էին քննարկման դնել Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը պաշտօնէն հեռացնելու հարցը: Սակայն նիստը ջնջուեցաւ՝ խորհրդարանին մէջ պիւտճէի քննարկումներուն պատճառով:
Անձամբ՝ Քոչարեան կը պնդէ, թէ իր խումբի անդամներուն այս մտածումէն տեղեակ չէ, բայց վստահ է, որ այդպիսի մտադրութիւն մը չէ եղած:
Ըստ «Ազատութեան» աղբիւրին՝ խմբակցութենէն շատերու, որոնց կարգին առանցքային անդամներու դժգոհութեան պատճառը Քոչարեանի՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան կարգ մը անդամներու նկատմամբ յայտարարութիւններն են: Մասնաւորապէս կը նշուի, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին մէջ քննարկումներ ընթացած են Սիսակ Գաբրիէլեանը արդարադատութեան նախարարի թեկնածու առաջադրելու շուրջ, Անդրանիկ Քոչարեան վիրաւորական որակումներ հնչեցուցած է անոր եւ Հրաչեայ Յակոբեանի հասցէին:
Քոչարեան 29 Հոկտեմբերին, կտրականապէս հերքեց այդպիսի հարցի մը առկայութիւնը, բայց ան դիտել տուաւ, որ իրեն դէմ կազմակերպուած արշաւ մը ընթացք առած է. «Լաւ կազմակերպուած գրոհ էք սկսել», յայտնեց ան:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան եւս հերքեց այդպիսի քննարկումի մը առկայութիւնը. «Նման օրակարգ չկայ, նման հարց երբեւէ չի քննարկուել», ըսաւ ան:
Նոյնը հաստատեց նաեւ «Ազատութեան» աղբիւրը: «Խմբակցութիւնն իսկապէս պաշտօնական դիմում չի ներկայացրել, բայց ներքին քննարկում, այդուամենայնիւ, եղել է: Եթէ երէկուայ հանդիպումը կայանար, ՔՊական մի խումբ պատգամաւորներ մտադիր էին երէկուայ նիստում խօսել իրենց դժգոհութիւններից», ըսաւ ան:
Քոչարեան արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարելէ ետք, կողմնակից էր, որ Արփի Դաւոյեան նշանակուի այդ պաշտօնին: Սիսակ Գաբրիէլեան հերքեց, թէ Քոչարեանէն դժգոհութիւններ ունի:
«Չկայ նման բան, չկայ նման իրավիճակ, ձեր տեղեկութիւնը սխալ է», ըսաւ Գաբրիէլեան:
Նշենք, որ Անդրանիկ Քոչարեան պաշտպանութեան յանձնաժողովը կը ղեկավարէ արդէն հինգ տարիներէ ի վեր: