ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի «Գազան» ծրագիրի այցելու դասախօս դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին պիտի քննարկէ Թուրքիոյ մէջ հայութեան հետքերը պահպանելու ջանքերը եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Բանախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.)։
Դոկտ. Մաղաքեան դոկտորի կոչումը ստացած է «Քրենֆիլտ» համալսարանէն եւ հեղինակ է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են BBC-ի, The Wall Street Journal-ի, The Washington Post-ի, Time-ի եւ այլ հեղինակաւոր թերթերու մէջ։ Ան մասնագիտացած է բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթները բնաջնջելու ջանքերու վաւերագրումին մէջ եւ յատկանշական աշխատանք տարած է յատկապէս Նախիջեւանի հայկական դիմագիծը բնաջնջելու՝ Պաքուի մշակութային ցեղասպանութեան ծալքերը բացայայտելու գծով։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube- միջոցաւ, կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։