Իսրայէլի կողմէ տարիներէ ի վեր շրջափակուած Կազայի վրայ նորագոյն իսրայէլեան պատերազմական գործողութիւններուն շարքին մէջ դարձեալ ահաւոր դէպք մը արձանագրուեցաւ Երեքշաբթի օր, երբ հիւսիսային Կազայի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներու թիրախը դարձաւ գաղթականներով լեցուն հինգ յարկանի շէնք մը. արձանագրուեցան առնուազն 93 զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ։ Զոհերուն մէջ կան մեծ թիւով մանուկներ, կիներ եւ տարեցներ։
Յարձակումը միջազգային դատապարտումի արժանացաւ։
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլ նաեւ պաղեստինեան փրկարար ջոկատներու գործունէութիւնը արգիլած է, նշեալ շէնքին փլատակներուն տակ մնացած վերապրողները փրկելը գրեթէ անկարելի դարձած է, ինչ որ կարծես իսրայէլեան ընդհանուր ծրագիրին մէկ մասնիկն է ։
Յատկանշական է, որ նոյն օրը, Իսրայէլի խորհրդարանը որոշեց արգիլել Կազայի մէջ ՄԱԿի մարդասիրական գործունէութիւնը։