«ՀԸԶՊԱԼԼԱ»Ն ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ ԽԻԱՄ ԳԻՒՂԻՆ ՄՕՏ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԴԻՐՔԵՐԸ
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ հրթիռակոծեց եւ հրետանիով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղին մերձակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորները: Խիամ գիւղէն շուրջ 6 քիլոմեթր հարաւ գտնուող «Մերքաւա» տեսակի հրասայլ մը ուղղակի հարուած ստանալով՝ կրակ առաւ, եւ անոր անձնակազմի անդամները մահացան կամ վիրաւորուեցան:
Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ մեծաթիւ իսրայէլեան հրասայլեր մուտք գործած են Խիամ գիւղին արեւելեան շրջանները:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր 900 զինուորներ տեղափոխուած են հիւանդանոցներ եւ սպաննուած են 33 ուրիշներ։
Իր կարգին, իսրայէլեան օդուժը բուռն կերպով ռմբակոծեց Պաալպեքը եւ Պեքաաը, ուր արձանագրուեցան մօտաւորապէս 60 զոհեր: Իսրայէլեան օդուժը բուռն կերպով հրթիռակոծեց նաեւ Հարեթ Սայտայի շրջանը, ինչ որ պատճառ դարձաւ հինգ զոհերու, իսկ Չորեքշաբթի օր, հարաւային Լիբանանի Սայտա քաղաքին մօտերը տեղի ունեցած յարձակումի մը զոհ գացին 15 ուրիշներ:
«Հըզպալլա»ի աղբիւրները հաղորդեցին, որ իսրայէլեան յարձակումներուն սկիզբէն ի վեր սպաննուեցան 90 իսրայէլացի զինուորներ եւ սպաներ եւ վիրաւորուեցան 750 ուրիշներ: Ոչնչացուեցան 38 «Մերքաւա» տեսակի հրասայլեր, 4 զրահապատ ինքնաշարժներ, 3 «Հերմես 450» տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր եւ «Հերմես 900» անօդաչու թռչող սարք մը:
Նաեւ, Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Նաքուրայի վրայ հրթիռային յարձակումի մը ընթացքին ՄԱԿի ուժերու անդամ աւստրիացի 8 զինուորներ վիրաւորուեցան, սակայն անոնց վէրքերը վտանգաւոր չեն:
Միւս կողմէ, ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, 23 Սեպտեմբերէն ի վեր, շուրջ 440,000 անձեր Լիբանանէն անցած են Սուրիա եւ առաւել քան 22,000 անձեր` Իրաք:

ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ` «ՀԸԶՊԱԼԼԱ»Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
«Հըզպալլա»ի ղեկավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեց, որ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընտրուած է կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար` փոխարինելով սէյիտ Հասան Նասրալլան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ, մեկնաբանելով շէյխ Նայիմ Քասեմի ընտրութիւնը՝ ըսաւ հետեւեալը. «ժամանակաւոր նշանակում մը, եւ ոչ երկար ժամանակի մը համար»:
Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ ողջունեց «Հըզպալլա»ի նոր ընդհանուր քարտուղարին ընտրութիւնը` զայն նկատելով ««Հըզպալլա»ի ուժին ու տոկունութեան, Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը որեւէ յարձակումէ կամ բռնագրաւումէ պաշտպանելու յստակ ապացոյց մը»: