Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 31 Հոկտեմբերին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն ներկայի պատկերին։ «Պէտք է զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնեմ, որ մօտ ապագայում մեզ կը յաջողուի նաեւ համաձայնութեան գալ խաղաղութեան պայմանագրի այդ 1-2 ձեւակերպումների շուրջ, որից յետոյ պայմանագիրը պատրաստ կը լինի ստորագրման: Գաղտնիք չէ, որ ադրբեջանական կողմը նախապայման է առաջարկել այն մասին, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը պարունակում է տարածքային որոշակի պահանջ իրենց տարածքի նկատմամբ, մենք այս թեզը համարում ենք կատարելապէս անհիմն եւ ունենք արդէն ՍԴ որոշումը, որն արձանագրեց՝ Ալմա Աթայի սահմանազատումը համապատասխանում է ՀՀ Սահմանադրութեանը: Սա գալիս է փարատելու բոլոր մտահոգութիւնները», ըսաւ Միրզոյեան, որ նաեւ շեշտեց, թէ միւս ուղղութիւնը տարածաշրջանի երթեւեկի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումն է, եւ որ այս ուղղութեամբ եւս քայլեր առնուած են:
«Մենք ադրբեջանական կողմին առաջարկներ ենք փոխանցել, որոնք կիսապաշտօնական մակարդակով ողջունուել են: Այստեղ եւս որոշակի դրական մթնոլորտ կայ: Մեր սկզբունքներն այս առումով այն են, որ բոլոր այն ենթակառուցուածքները, որոնք պէտք է ապաշրջափակուեն, պէտք է մնան այն երկրների ինքնիշխանութեան ներքոյ եւ գործեն այն երկրների օրէնսդրութեան համապատասխան, որոնց տարածքով անցնում են: Սա արտացոլուած է մեր կառավարութեան ներկայացրած «Խաղաղութեան խաչմերուկ ծրագրում: Բազմաթիւ երկրներ եւ միջազգային գործընկերներ ողջունել են խաղաղութեան խաչմէրուկը», ընդգծեց Միրզոյեան:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւս դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցային գործընթացին մէջ լուրջ յառաջընթաց նկատելի է՝ միաժամանակ կրկնելով Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ դիրքորոշումը:
Պայրամով Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ անդրծովեան տարածքներու հարցերու պետական նախարար Սթիվըն Տաութիի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուող գործնական քայլերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացին մասին:
Ան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ աշխատանքներ կը տարուին նախագիծի համակարգման ուղղութեամբ, սակայն, ըստ Պայրամովի, խաղաղութեան գործընթացին հիմնական խոչընդոտը Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ «սահմանադրութեան մէջ եղող տարածքային պահանջներն են»: