30 Հոկտեմբերին, Մադաթ Բաբայեան Պաքուի բանտէն իր հարազատներուն հեռաձայնեց. «Տաք գլխարկ ուղարկէք, ցուրտ է», անոնց ըսաւ ան:
72ամեայ արցախցին արաւել քան մէկ տարիէ ի վեր, Ատրպէյճանի մէջ գերի է: Հարազատները Կարմիր Խաչի միջոցով երբեմն անոր փոքրիկ ծանրոց կ՛ուղարկեն:
«Ցուցակում պապիրոզ է լինում, քաղցրեղէն, շորեղէն, տաք հագուստ», նշեց Ա. Բաբայեան:
Մադաթ Բաբայեան կ՛ապրէր Մարտակերտի Գետաւան գիւղին մէջ. նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, մարտական գործողութեան սկսելէն ժամեր ետք, ատրպէյճանցիները արդէն մտան Գետաւան:
Բաբայեանի թոռնիկը յայտնեց, որ գիւղի բնակիչները հետիոտն կրցան փախչիլ հրթիռակոծուող գիւղէն, պապիկը մնաց այնտեղ քանի մը տղամարդոց հետ, երեկոյեան արդէն Գետաւան մտան ատրպէյճանցիները:
Բաբայեանի գերի տարուելէն քանի մը ամիս ետք, Պաքուի իրաւապահները արդէն ունէին անոր դէմ քրէական գործմը, թէ՝ Բաբայեան անձամբ «92ի Փետրուարին Խոջալուիի դէպքերուն մասնակցած է»:
Բաբայեանի ընտանիքը կը հաստատէ, որ պապիկը բանակ չէ մտած, մարտական գործողութիւններուն չէ մասնակցած, միշտ անասնապահ եղած է՝ «Մեր պապիկը ոչ մի ռազմագիտական գործի չի մասնակցել: Ինչ վերաբերում է կռուին, ազատագրմանը, ոչ մի բանին իմ պապիկը չի մասնակցել, որովհետեւ առողջական շատ լուրջ պրոբլեմներ (հարցեր) ունէր»: