Ուրբաթ, 1 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ ներկայ նախագահական ընտրութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ընթացած խօսակցութեան սկիզբը, Թրամփ բարձր գնահատեց կաթողիկոսը՝ անոր ցուցաբերած իմաստուն ղեկավարութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին եւ տարածաշրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման գծով։ Ան նաեւ ջերմօրէն ողջունեց Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը՝ իբրեւ կազմակերպ, աշխոյժ եւ ուժեղ համայնք։
Կաթողիկոսը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Թրամփին՝ քանի մը օրեր առաջ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն գծով իր կատարած հրապարակային արտայայտութեան համար, միաժամանակ ընդգծելով Միացեալ Նահանգներու միջազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս տագնապներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն։
պա, կաթողիկոսը նախագահական թեկնածուին յստակօրէն պարզեց իր երկու ակնկալութիւնները.
ա) Անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Նահանգներու կազմուելիք նոր կառավարութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնէ՝ իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու Արցախի հայութեան արդար պահանջին, միաժամանակ հաշուետուութիւն պահանջելով արցախահայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան համար։
բ) Անհրաժեշտ է, որ նոր կառավարութեան մէջ ըլլայ ամերիկահայ համայնքը ներկայացնող յարմար անձ մը։
Վերջապէս, հայրապետը առաջարկեց, որ յիշեալ հարցերուն գծով անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ազգային առաջնորդարաններու եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ։
Յայտնենք, որ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմին շնորհած վեհափառին հովուապետական այցելութեան վերջին օրը, Տիթրոյիթի մէջ, իմանալով հայրապետին ներկայութիւնը քաղաքին մէջ, Թրամփի կողմէ երկու բարձրաստիճան պատասխանատուներ հանդիպում ունեցած էին կաթողիկոսին հետ, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, եւ անոր փոխանցած թեկնածուին ողջոյնները եւ պատրաստակամութիւնը կապ հաստատելու վեհափառին հետ։