Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովներու հանդիպումէն ետք, տակաւին որոշում չկայ, թէ սահմանի ո՛ր հատուածը պիտի սահմանազատուի յաջորդ փուլին։ Այս մասին, նաեւ սահմանային այլ հարցերու մասին խօսեցաւ տարածքային ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան՝ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին:
Ան նաեւ անդրադարձաւ ապաշրջափակման պարունակին մէջ երկաթուղիի վերագործարկման հարցերուն: «Խօսքը Մեղրիի երկաթգծի, Երասխի հատուածի, Իջեւանի հատուածի երկաթգծի մասին է. այսինքն` այն ենթակառուցուածքները, որոնք եղել են եւ հիմա չեն գործում, դրանց վերագործարկման հնարաւորութիւնների մասին է խօսքը», նշեց Սանոսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ առաջին փուլին կա՞յ յստակ երկաթուղի մը, որ առաւել իրատեսական է համաձայնեցնել՝ Սանոսեան ըսաւ. «Տարբերութիւն, կարծում եմ, չկայ: Աշխատանքները, ի հարկէ, տարբեր են, բայց Մեղրիի հատուածում աշխատանքը ենթադրում է աշխատանք Երասխում, եւ ենթադրում է որպէս համակարգ աւելի մեծ կապ ու հնարաւորութիւն Իրանի մասով, թէ արդէն Ադրբեջանի եւ Կարսի ու Գիւմրիի մասով` նաեւ Թուրքիայի հետ: Այսինքն, երկու հատուածում էլ պէտք է աշխատանք լինի, որ հնարաւոր լինի վերագործարկել երկաթգիծը»:
Սանոսեան դիտել տուաւ, որ այս գծով գործնական աշխատանք չկայ տակաւին, այլ կան քննարկումներ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ երթեւեկի հաղորդակցութեան միջազգային ֆորումի ծիրին մէջ, ինք հանդիպում ունեցած է թուրք իր պաշտօնակիցին` Ապտուքատիր Ուրալօղլուի հետ, եւ խօսած են ներկայ հնարաւորութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու մասին, որոնք չեն օգտագործուիր եւ օգտագործուելու պարագային ինչ կարելիութիւններ կը բացուին երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար:
«Խօսել ենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի մասին: Կարող ենք գնահատել, որ բաւական լաւ արդիւնաւէտ քննարկում էր», ըսաւ Սանոսեան՝ աւելցնելով, որ իրենք խօսած են բոլոր չգործող ենթակառուցուածքներու, որոնց կարգին՝ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի մասին: «Նախնական պատկերացումներ կան, թէ ինչքան կարող են տեւել վերականգնման աշխատանքները, նաեւ պատկերացում կայ, թէ որքան ֆինանսական միջոցներ կը պահանջուեն դրա համար», ըսաւ Սանոսեան՝ աւելցնելով, որ եթէ ընդհանուր քննարկումները յառաջ երթան, այդ նախնական միտքերը եւ հաշուարկները պիտի կեդրոնացուին, նախագիծի տեսք պիտի ստանան ու կեանքի պիտի կոչուին:
Սանոսեան ընդգծեց, որ այդ հարցին շուրջ առնուազն կայ երկխօսութիւն, եւ այդ հանդիպումը այդ երկխօսութեան ծիրին մէջ էր: «Եթէ հասնենք այն փուլին, որ պէտք է այդ նախնական ուսումնասիրութիւնները, թուերը դառնան իրական նախագծեր, ապա մենք աւելի մեծ ծաւալով կը ներգրաւուենք այս պրոցեսին (գործընթացին)», ըսաւ Սանոսեան։
Սահմանային հարցերու մասին խօսեցաւ նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան` բացատրելով, թէ ընդհանրապէս ի՛նչ կը նշանակէ սահմանային «պարզեցուած ընթացակարգ»ը:
«Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ մաքսային եւ տարանցիկ պարզեցուած ընթացակարգերը կարող են ենթադրել տեղափոխուող բեռների վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակում։ Օրինակ` բազմաթիւ տեղեկութիւններ կան, որ երկրները կարող են նախապէս փոխանակել: Օրինակ` Վրաստանի Հանրապետութեան հետ մեր փորձը` մենք մեր արտահանման տուեալներն ենք նախապէս ուղարկում, իրենք` իրենցը, եւ հեշտանում է գործընթացը ներմուծման փուլում, որովհետեւ իրենք կամ մենք ունենք որոշակի տեղեկութիւններ», ըսաւ Բադասեան, ըստ որուն, մեկնելով տուեալ իրավիճակէն, լուծումները կրնան շատ տարբեր ըլլալ: «Երկրները կարող են նախապէս փոխանակել սկանաւորուած պատկերներ` հետագայ ռիսկերը (վտանգները) չէզոքացնելու համար: Կան նաեւ այլ լուծումներ, որոնք հիմնուած են ժամանակակից թուային հարթակների վրայ», ըսաւ Բադասեան:
Յիշեցնենք` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Երեւան Պաքուին առաջարկած է սահմանային եւ մաքսային հսկողութեան պարզեցուած ընթացակարգերու գործիքակազմեր՝ Նախիջեւանի հետ կապի համար:
Հայկական կողմը շտապած է նորոգել Մարգարայի անցակէտը, որովհետեւ թրքական կողմին հետ կար պայմանաւորուածութիւն, որ անցակէտը պէտք է գործէ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու ու դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու համար։
«Մենք ստեղծել ենք պայմաններ, որը բաւարար է նշուած խմբի մարդկանց հոսքը սպասարկելու համար», յայտնեց Բադասեան։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ անցակէտը գործելու պարագային հոն հայե՞ր պիտի աշխատին, թէ թրքական կողմն ալ պիտի ունենայ ներկայացուցիչներ` Բադասեան ըսաւ, որ բացառուած է այդպիսի բան: «ՀՀ տարածքում մաքսային հսկողութիւն իրականացնում են միայն Հայաստանի մաքսային մարմինները», ըսաւ Բադասեան։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Մարգարայի անցակէտի նորոգութեան համար նախնական տուեալներով ծախսուած է շուրջ 800 միլիոն դրամ, «սակայն վերջնական ծախսերը կազմել են 1 միլիարդ դրամից մի փոքր աւելի»։