Ուրբաթ, 1 Նոյեմբերին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին։
Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ 11էն 22 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի լոյսին տակ, Արցախին վերաբերող հարցերուն հետապնդման աշխատանքները։ Այս ծիրին մէջ, դոկտ. Օքամփօ կաթողիկոսին պարզեց ցարդ իր կատարած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը եւ ընդգծեց վեհափառին կարեւոր դերը այս շրջագիծին մէջ՝ նկատի ունենալով անոր ունեցած միջազգային կապերը։
Արամ Ա. մեծապէս գնահատելով դատախազ Օքամփոյին զօրակցութիւնը Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ՝ յայտնեց, որ արդէն ինք վերջին շաբաթներուն ընթացքին լուռ կերպով լծուած է աշխատանքի՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիներու ազատ արձակման։