
ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- 16 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ բացումը գեղանկարիչ Գօգօ Յովակիմեանի նորագոյն ստեղծագործութիւններու անհատական ցուցահանդէսին։
«Բարեկարգուած Համաչափութիւն» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 7 Դեկտեմբեր։
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd., La Canada, CA 91011:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը, դիմել (818) 790-4905 թիւին կամ այցելել stephaniesgallery.com կայքը։