Ֆրանսայի եւ Ղազախստանի նախագահները՝ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւ ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրութեան: Այս մասին նշուած է Ֆրանսայի նախագահին ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման յայտարարութեան մէջ, որ անդրադարձաւ Ղազախստանի նախագահին Փարիզ այցելութեան։
Ըստ Մաքրոնի եւ Թոքաեւի` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը թոյլ պիտի տայ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ` յարգելով երկու պետութիւններուն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը: Նախագահները ընդգծեցին Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը Անդրկասպեան միջազգային երթեւեկի հաղորդակցութեան երթուղիի զարգացման համար:
Մաքրոն եւ Թոքաեւ նաեւ վերահաստատեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային մակարդակներու վրայ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան խթանման իրենց միացեալ յանձնառութիւնը: