
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐԸ՝ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ
Միացեալ Նահանգներու տարածքին, 5 Նոյեմբեր ին տեղի ունեցած ընտրութիւններով, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ ընտրուեցաւ երկրին 47րդ նախագահը։
Հակառակ հարցախոյզներուն նախատեսութիւններուն, թէ վերջնական արդիւնքները կրնան օրեր կամ շաբաթներ ետք յստականալ, Չորեքշաբթիի կանուխ ժամերուն արդէն յստակացաւ, որ Թրամփ բաւարար պատուիրակներ հաւաքած է Յունուարին պաշտօնապէս նախագահ դառնալու համար։
Արդարեւ, երկրորդ անգամ ըլլալով նախագահ ընտրուած 78ամեայ Թրամփ վճռորոշ նահանգներուն՝ Ճորճիայի, Փենսիլվանիոյ, Հիւսիսային Քարոլայնայի եւ Ուիսքանսընի մէջ ակնկալուածէն աւելի արագ յաղթական դարձաւ։
Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հերիս ցարդ ապահոված է 224 պատուիրակներ Թրամփի 277ին դէմ, մինչ Միշիկընի, Արիզոնայի, Նեւատայի եւ քանի մը այլ նահանգներու մէջ տակաւին յաղթանակ ապահոված թեկնածուն յստակ չէ։
Թրամփի նշանակած պահպանողական դատաւորներուն պատճառով, Գերագոյն ատեանին մէջ 3ի դէմ 6 դատաւորներու առաւելութիւն ունեցող հանրապետականները այսուհետեւ իրենց հակակշռին տակ պիտի ունենան գործադիր իշխանութիւնը, Ծերակոյտը եւ շատ հաւանաբար նաեւ Ներկայացուցիչներու տունը։
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ շարք մը յանցագործութիւններով դատապարտուած Թրամփ որքանով պիտի կարենայ իրականացնել «մինչեւ 30 միլիոն» ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու, իր ընդդիմադիրները պատժելու, Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի տագնապները արագօրէն լուծելու, սղաճը զսպելու (բան մը, որ արդէն իսկ տեղի կ՛ունենայ, առանց իր միջամտութեան) կապակցութեամբ իր ընտրական խոստումները։
Պահպանողական Գերագոյն ատեանին կողմէ նախագահին շնորհուած նոր իրաւասութիւններով ամրապնդուած՝ Թրամփ նաեւ կարելիութիւնը պիտի ունենայ կասեցնելու իր դէմ շարունակուող շարք մը դատական հետապնդումները, երկիրը վերադարձնելով 18րդ դար, երբ թագաւորը օրէնքէն վեր կը դասուէր։
Ամերիկացիները դարձեալ փաստեցին, թէ պատրաստ չեն երկրին ղեկը յանձնելու իգական սեռի ներկայացուցիչի մը, մինչ որոշ չափանիշներով աւելի յետամնաց համարուող իրենց հարաւի դրացին՝ Մեքսիքան, Հոկտեմբերին կին նախագահ մը ընտրեց։
Քոնկրեսի ընտրութիւններուն, հանրապետականները կրցան վերատիրանալ Ծերակոյտի մեծամասնութեան՝ ապահովելով առնուազն 52 աթոռներ եւ մեծ հաւանականութիւն ունին պահելու Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց մեծամասնութիւնը։
Քալիֆորնիոյ մէջ, Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված Էտըմ Շիֆ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ։