

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Երկու կաթիլ անձրեւը բաւեց, որ մեր աղջնակները վազեն դուրս (փոխանակ տունը մնալու) եւ խաղան մայթի մը վրայ գոյացած ջրակոյտի մը մէջ: Անցաւ քանի մը վայրկեան: Վերադարձան: Անոնց ձեռքը եւ դէմքը ծածկած էր հաստ շերտ մը տիղմ: Մտաբերեցի մեր հիներու «տղմաթաթաւ», «տղմաթաթախ» եւ «տղմաթաւալ» բառերը ու մտածեցի, թէ մեր գրաբարախօս նախահայրերը որքան շատ սիրած են «տիղմ» բառը, յաճախ խաղացած են անոր հետ եւ կերտեր են տասնեակ մը տղմակերտ բառեր: Որոշեցի, որ մանկամտութիւն մըն ալ ե՛ս ընեմ եւ խաղամ «տիղմ» բառին հետ. Առանց աղտոտելու անշուշտ ձեռքս ու երեսս: Իսկ երբ վաստակս հասնի իր աւարտին, կը մաղթեմ, որ ան չկոչուի «տղմատեսք», «տղմամիտ» եւ «տղմաճաշակ»: (Չակերտեալ բառերը հայկազնեան բառարաններու մէջ գոյութիւն չունէին, հարկադրուած՝ ես ստեղծեցի: Յուսամ՝ ոեւէ մէկը պէտք չ՛ունենար զանոնք գործածելու)
ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՏԻՂՄ
Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի՝ «տիղմ» բառը կաթեր է «տիլ» արմատէն: Անիկա կը նշանակէ կաթկթել, ծորիլ, միզել: Վանայ, Մշոյ եւ Ալաշկերտի մէջ, մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը գործածուեր է այդ բառը: Իսկ վանեցիները գինիի տակ նստած դիրտն ալ կոչեր են՝ «տիլ»: Դարերու ընթացքին «տիլ» արմատը կաթիլ-կաթիլ ծորեր եւ գոյացեր է պատկերաւոր ածականներու խոշոր կոյտ մը: Ահա քանի մը հնաշունչ օրինակ. Տղմաթաթաւ, Տղմախոր, Տղմասէր, Տղմուտ՝ 5րդ դար, Տղմատիպ՝ 11րդ դար, Տղմաթաւալ, Տղմական, Տղմակերպ, Տղմային՝ 12րդ դար, Տղմատարած՝ 13րդ դար: Իսկ հայոց պատմութեան մէջ այնքան անձրեւ եկաւ, որ մեր մատենագիր այրերը տիղմի մէջ մտան եւ ձեւակերպեցին գրական, քնարական տողեր: Միջնադարը, յարգելի ընթերցող, լի է տղմաթաթախ եւ խիստ պատկերալից տողերով. «Տղմաթաւալ անասնոցն զմարգարիտն առաջի արկցես», «Գարշի՞ս ՛ի տղմական ժահահոտութենէն», «Հոտ նորա անմաքուր է եւ ինքն տղմասէր եւ տղմակերպ», «Տղմային խաւար», «Տղմային խորհուրդ», «Տղմասէր խոզից նմանեցին», «Տղմատարած ծով», «Տղմուտ չարութիւն», «Մեղօք տղմատիպ կենցաղ»: Նկատեցի՞ք, թէ տիղմ բառը արդէն ունի փոխաբերական իմաստ՝ անբարոյ կենցաղ եւ մեղաւոր մարդ: Իսկ մեր հիները մեզի աւանդ ձգած են երկու հատ ալ գիտական, ճշմարիտ խօսք. «Յորժամ երկիր տղմուտ լինի, ոչ կարէ բխել ջուր յստակ եւ սրբահամ», «Անհնար է տղմուտ տեղւոջ անուշահոտութիւնս բուրել»:
ՏՂՄԱՁԱՅՆ ՄՐՄՈՒՆՋՆԵՐ
Ոսկեդարուն «տիղմ» բառը, զարմանալի բան, բազմաթիւ աղօթքներու նախանիւթ դարձաւ: Հայոց Միջագետքի Մծբին քաղաքին մէջ գործունէութիւն ծաւալած, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերէն Եփրեմ Ասորին 360 թուականներուն աղաչեց, որ Հայր Աստուած զինք դուրս հանէ հոգեկան տիղմէն. «Հա՜ն զիս ի տղմոյ անօրէնութեան իմոյ»: Դար մը յետոյ, Մեսրոպ Մաշտոց իր գրած շարականին մէջ Աստուծմէ ողորմութիւն խնդրեց, որ զինք մաքրէ մեղքերու տիղմէն. «Լուա զիս ի տղմոյ յանցանաց, աղբիւր բժշկութեան / Եւ ողորմեա»: Գրիգոր Մագիստրոս մեզի բացատրեց, թէ մարդու փառքը օր մը պիտի խառնուի տիղմի մէջ. «Անցք ստուերի է փառք մարդոյ, / Հոլովի յար որպէս անուոյ. / Տարբերի նման հողմոյ, / Մինչ անկցի ի գուբ տղմոյ»: Իսկ Գրիգոր Նարեկացի նկարագրեց իր կեանքը. «Ոչ մեռեալ եւ ոչ կենդանի՝ թաղեալ ի մեղաց գարշութեան տղմի»: Յիշատակարան մը գտայ՝ 1304 թուականին գրուած: Վարդան Այգեկցիի քարոզներն էին: Գիրքի աւարտին Աւագերէց անուն գրիչը խոստովանեցաւ. «Զմեղօք լցեալ սուտանուն տէր Աւագերէց, ոչ տէր մեղայ եմ ասացել, զերթ խոզ ի տիղմ եմ թաւալել»: Նոյն տառապանքի մէջ էր տաղասաց Սուգիաս. «Ի գարշութիւնս տղմոյ մեղաց թաւալեցայ: Մեղա՜յ, մեղա՜յ, բիւրապատիկ գլորեցայ»:
ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ՓԱԿ ԵՆ ՏԻՂՄՈՎ
Ի՞նչ եղաւ… Արե՞ւն էր ջերմ: Խորշակնե՞ր եկան թառամեցուցիչ: Միջնադարէն մինչեւ քսաներորդ դար, հայը եւ անոր գրականութիւնը չտրորուեցաւ տիղմի մէջ: Կ՛երեւի արձակուած էին մեր բոլոր մեղքերը: Այդ յոյսով, ազգային լուսաւորութեան ակնկալութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանց բացատրեց, թէ ի՛նչ սրբութիւններով կը փափաքէր իր նահատակ ընկերոջ շիրիմը զարդարել. «Մասիսի կողերէն տապանաքար մի, / Շաւարշանայ հովիտէն Շուշան մի, / Երասխի եզերքէն ուռենւոյ ոստ մի, / Արմաւրի սօսիներէն սաղարթ մի, / Եփրատի ափերէն աւազներ, / Տղմուտէն տղմոտ հողերը»: Իսկ 1908-14ին, Պելճիքայի մէջ գիւղատնտեսական կրթութիւն ստացած ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Վան քաղաքի պաշտպան, 1917ին, Վանի հայկական ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար Կոստի Համբարձումեան, 1915ի աշնան օրերուն զբաղած էր Վանայ տիղմը հեռացնելու գործով. «Բոյսի ու ծաղկի սիրահար Կոստի Համբարձումեանը անտես չարաւ Վանի գեղեցիկ այգիներն ու պարտէզները: Արտասահմանէն ստացուած նոր սերմերով ընդարձակ մրգաստաններ պատրաստել տուաւ… Նորոգուեցան քանդուած ջրաղացները, մաքրուեցան Հայոց ձորի եւ Թիմարի ջրի առուները, որ տղմակալուած եւ աւերուած էին»: Տղմուտի երազը տեսաւ նաեւ Յովհաննէս Շիրազ. «-Ո՞րն է, բաբօ, մեր հայրենիք: / – Էն, որ ունի բարձր երկինք, / Էն, որ ունի Արազ, Տղմուտ»: Բայց տիղմը տիղմ է. ապականեցնող եւ տգեղ: Այդ է պատճառը, որ Յակոբ Օշական օր մը գրեց. «Կը թաւալինք տիղմէ տիղմ»: Մելքոն Կիւրճեան գիտէր, որ պանդուխտի ճամբան կ՛անցնէր թանձր տիղմէ. «Տերսիմի եւ Բարձր Հայոց խորերն ու սարերը… Օդը ցրտին է, գետինը տղմոտ… Անպատսպար կը քալէ նա՝ տիղմերէ ու անձրեւներէ թաթխուած»: Վրթանէս Փափազեան մեզի բացատրեց, որ դէպի «փայլուն եւ բարձր ապագայ» առաջնորդող ճամբաները փակ կ՛ըլլան, եթէ բոլորն ալ «թանձրապէս փակուած են կեղծութեան զզուելի տիղմով»:
ՏԻՂՄ ԼԵՑՈՒԵՑԱՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Տիղմ բառը երբեմն իր տգեղ երեսը ցոյց կու տայ հայրենի մամուլին մէջ: Անշուշտ, որ ան չի կրնար մրցիլ «ցեխ» բառին, «ցեխ նետելու»ն եւ «ցեխ զարնելու»ն հետ, որոնք այսօր կը վայելեն մեծ ժողովրդականութիւն: Բայց ժամանակ առ ժամանակ, վարչապետ մը կամ Գիտութիւններու Կաճառի անդամ մը կը յիշէ այդ դարաւոր բառը եւ մեզ կը լուսաւորէ: Շաբաթ մը առաջ, երկրին վարչապետը հանրապետութեան ճանապարհներու ցած որակին հանդէպ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց. «Ասում եմ ճանապարհ՝ պատկերացնում եմ տիղմ»: ԳԱ անդամ, գրականագէտ եւ բանաստեղծ Արտէմ Յարութիւնեան դժգոհեցաւ այլ անդամներու որակէ. «Հայաստանի Գրողների միութիւնը տիղմով է լցուել»: Իսկ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան դժգոհեցաւ լեզուի մակարդակէն. «Տղմաթաթախ է հայերէնը Հայաստանի մէջ»:
ԽԱՂԱՑԷՔ ՏԻՂՄԻ ՀԵՏ
Ահա, յարգելի՛ ընթերցող, իր աւարտին հասաւ տղմաձայն յօդուածս: Կը յուսամ, որ դուք ձեր առջեւ երբեք չէք ունենար տղմալից ճանապարհներ՝ կը հասնիք, ինչպէս Վ. Փափազեանի յոյսն էր, ձեր փայլուն ապագային: Մինչեւ յաջորդ բառս, կ՛առաջարկեմ, որ դուք, երբ երկինքը քանի մը կաթիլ անձրեւ արձակէ, դուրս ելէք – կամ մնացէք տան մէջ – դարձէք քիչ մը տղայամիտ եւ դուք եւս խաղացէք գրական տիղմերու հետ: