ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքը հանգիստ ապրիլը այնքան ալ դիւրին չէ ներկայ ժամանակներուն: Անցեալին, երբ մարդիկ իրենց գիւղերուն եւ սահմանափակ թիւով բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու մէջ կ՛ապրէին՝ բոլորը զիրար լաւ կը ճանչնային: Այսօր, երբ բազմաթիւ եւ բազմացեղ հաւաքականութիւն է մարդկութիւնը, դժուար է կողմնորոշուիլը: Այո՛, նոյնիսկ նոյն ազգութեան պատկանողները, երբ մանաւանդ իրարմէ հեռու տեղ ծնած եւ դաստիարակուած են, բնական է որ նկարագրային տարբեր կառուցուածք ունենան:
Մարդուն ինքնութիւնը դաստիարակութեան ճամբով կը սկսի, մանաւանդ տան յարկին տակ, ծնողներուն փոխանցած կրթութեամբ: Դպրոցը, ընկերական միջավայրը, բնակավայրի մեծաթիւ բնակչութիւնը եւ հասարակաց կեանքը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան կազմաւորուող երիտասարդութեան վրայ: Անոնց համար այլեւս դժուար է սեփական ինքնութեան հեղինակ դառնալը: Միւս կողմէ, երբեմն արտայայտուող յամառութիւնը, յատկապէս բարոյական հարցերու գծով, ընդհանրական կացութեան հակառակելու բացայայտ արտայայտութիւն է: Երիտասարդութեան հոգեկան ընդվզումները առիթներ կը փնտռեն դուրս տալու ներքին խռովքը:
Երիտասարդութեան արտայայտած խռովքը պատճառ կը հանդիսանայ անվերջ տարափին խրատներու, որոնք մեծերէն բացի կրնան նաեւ տարեկիցները տեղացնել անոր գլխուն: Այսպիսի դժբախտ կացութիւններու պատճառով, երիտասարդութիւնը կը բռնէ անորոշ ուղղութիւններ, յուսահատութեան ճամբաներուն վրայ երթեւեկելով եւ շատերը կորստեան մատնող՝ վտանգալից թակարդներու մէջ իյնալու հաւանականութեամբ:
Խրատ լսելու պատրաստ տեսակն ալ կայ շարքին վերոյիշեալներուն, որոնք իրենց մէջ տակաւին պահած կ՛ըլլան յարգանքի բաժին մը, յատկապէս աւելի տարեցներուն եւ մանաւանդ ծնողներուն նկատմամբ: Անոնք վստահաբար ներկայ չեն ըլլար, ո՛չ ալ իրենց կեանքին ընթացքին խորապէս մասնակցած կրնան ըլլալ, մանաւանդ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր իր ճամբան կորսնցուցած երիտասարդութիւնը հաճոյալի պահեր կ՛անցընէ: Այսպիսի կացութեան մը մէջ ի յայտ կու գայ մեծերուն փորձառութեան պակասը: Թերեւս շատերու կողմէ սխալ ըմբռնուի մեր այս գաղափարը, մանաւանդ ծնողներուն կողմէ, յատկապէս դաստիարակութեան իմաստով կատարուած միջամտութեան հարցը: Բարի եւ ազնուական ծնողներ, որոնք կեանքի սխալ ճամբու մէջ չեն եղած բնա՛ւ կարողութիւնը չունին տեղեակ ըլլալու իրավիճակէն իրենց այն զաւակներուն, որոնք իրենց չկատարած սխալները կը գործեն, կամ ինկած են կորստեան ճամբուն մէջ: Մասնագիտական հարց է այլեւս այդ զաւակները դարձեալ բնականոն կեանքին վերադարձնելը, այսինքն՝ անոնք կարիքը ունին մասնագէտներու օժանդակութեան:
Ո՞վ է ընկերդ, ո՞վ է իսկական բարեկամդ, որ քեզի կը հասնի նեղութեան պահուդ: Շատեր համբերատար են իրենց շրջապատին նկատմամբ, որովհետեւ չեն ուզեր իրենց ընկերները կորսնցնել: Բարոյագիտութեան տուած բացատրութեամբ, ներողամտութեան սքանչելի արտայայտութիւն է այս, ենթակային հոգեկան ազնուութիւնը նկարագրող. սակայն, ընկերական կեանքին բնականոն ընթացքը խանգարող բազմաթիւ հարցեր կը յառաջանան այսպիսի կացութեան մը պատճառով: Երբ այսպիսի ներողամտութեամբ մօտենայ մարդ իր շրջապատի բոլոր անձերուն՝ կացութիւնը շահագործողներուն թիւը պիտի շատնայ անկասկած:
Հոգեբանական եւ բարոյական հարցերու թակարդին մէջ բռնուած անձը, եւ մանաւանդ թմրեցուցիչներու ազդեցութեան տակ եղողը, իսկական դաստիարակներու յատուկ ուսուցումներով պիտի կարենայ գտնել իր նոր ուղին, յարմար անձերու ճանապարհորդակցութեամբ, եւ յուսալի ապագային պիտի նայի վառ հայեացքով:
Վերոյիշեալ ճամբան կտրած անձը երբ յաջողութեամբ եւ առողջ դուրս գայ անկէ, հիացումի առարկայ կը դառնայ շրջապատին մէջ:
Լսած ենք հոգեւոր շրջանակի մէջ տրուած քարոզներ, որոնք «վկայութիւն» կը կոչեն զայն քարոզողներր: Անոնք իրենց անցեալի անբարոյական կեանքին մասին բարձրաձայն կ՛արտայայտուին քարոզելու պահուն, ունկնդիրներուն արթնութեան կոչ ուղղելու համար: Երբեմն շատ անյարմար կը նկատուի հաւատացեալներէն ոմանց համար այդպիսի արտայայտութիւններ հրապարակաւ լսելը, յատկապէս իգական սեռին պատկանողներու պարագային, սակայն քարոզիչը շատ օգտաւէտ կը համարէ կատարած բացայայտումները, մեղաւոր անձեր դարձի բերելու եւ անոնց հոգիները փրկելու նպատակով:
Փրկութիւնը բախտ չէ՛, սակայն, այլ՝ աստուածատուր իմաստութենէն օգտուելու առիթին օգտագործումը քու կողմէ: Անխելք մարդ չկայ աշխարհի վրայ: Ճիշդ է, իւրաքանչիւրին մտային կարողութիւնը կրնայ տարբերիլ իրարմէ, սակայն բոլորն ալ որոշ չափի գիտակցութիւն ունին, երբ իմացականօրէն բնական առողջութիւն ունին: Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ առիթներ պէտք է ստեղծէ ինքն իրեն համար, կեանքի ճշգրիտ ուղղութեան վրայ գտնուելու: Որքան շուտ գտնես կեանքդ անհանգստացնող ճշմարտութիւնը, այնքան աւելի արագ ընթացք պիտի ունենայ հոգեկան աճդ: Եթէ զգաս, որ չես ուզեր այս ուղղութեամբ ջանք թափել, ուրեմն տակաւին արժանի չես անոր. աւելի շատ ժամանակ պէտք է տրամադրես դուն քեզ դաստիարակելու, յաջողելու համար այս կեանքիդ մէջ:
Ինքնակորստեան ճամբուն վրայ հրաւիրող մտածում մը…: Սակայն, ստիպուած ես շրջապատիդ մէջ եղողներուն նկատմամբ բարի մօտեցում ցուցաբերելու: Ամէն մարդ ունի իր առօրեայ մտահոգութիւնները: Միշտ յիշէ, որ այն բոլոր բաներուն զորս դուն կարիքը ունիս, անոնք ալ այդպիսի կարիքներ ունին: Ուրեմն, մարդը մարդ է, եւ փոխադարձ նուիրուածութիւնը եւ օգտակար հանդիսանալը՝ բարի պայմանաւորուածութիւն մը:
Քիչ չէ՛ թիւը այն մարդոց, որոնք իրենց շրջապատին մէջ կը փնտռեն խրատատու անձ մը կը, որուն Ծ պատմեն կեանքի ընթացքին իրենց եղած ան-պատշաճ դէպքեր: Երբեմն գտնուած են հոգեւորականներ, որոնք մասնաւոր կազմաւորում չունենալով, գաղտնաբար իրենց պատմուած նիւթերը տարածած են համայն-քին մէջ, վարկաբեկելով խոստովանող մեղաւորները: Անպատասխանատու եւ կամ հոգեբանական կազմաւորում չունեցող այդպիսի անձեր բնա՛ւ պէտք չէ հոգեւորական ասպարէզին նուիրուին, չքանդելու համար մեղաւորներու դարձի ճամբան դէպի փրկութիւն:
Խրատատու կը փնտռե՞ս՝ չվստահիս պատահական մարդոց: Ամէն մարդ վստահելի չէ: Ծնողները որքան ալ չափաւոր պատրաստութիւն ունենան, գէթ լռութեամբ իրենց հոգիին մէջ կը փակեն վատանիւթ կենսագրութեանդ մանրամասնութիւնները:
Լաւագոյն խրատատուն Աստուած Ինքն է: Հաւատացեալ մարդուն համար աղօթքը, այսպիսի կացութիւններու մէջ փրկութեան շունչ մը կու տայ, սակայն վա՜յ այն մարդուն, որ հաւատք չունի, որովհետեւ անոր յոյսը շուտով կը չքանայ եւ իր սեփական մեծամտութեան զոհը կը դառնայ: Ազատէ՛ դուն քեզ մարդոց խրատներէն եւ յոյսդ դիր Աստուծո՛յ վրայ: