Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ ինք յուսայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի:
AZERTAC-ը կը հաղորդէ, որ՝ ելոյթ ունենալով Պիշքեքի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու 11րդ վեհաժողովին, ան անդրադարձաւ Արցախի երկրորդ պատերազմին:
«Մենք յոյս ունինք եւ կը փափաքինք, որ Ատրպէյճանի պատմական նուաճումները, որոնք ձեռք բերուած են նահատակներու կեանքին գնով, ամրապնդուին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ` խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան միջոցով», յայտնեց Էրտողան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելէ ետք:
«Թասս»ը կը հաղորդէ, որ, ըստ Ֆիտանի՝ Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերումը կը տեսնեն իբրեւ կարեւոր տարր Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը ապահովելու համար: «Մենք առաւելագոյն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ կողմերը կը մօտենան անոր: Սահմանին վերաբերեալ վերջին որոշումները այդ յառաջընթացին լաւ օրինակ են», նշեց Ֆիտան։