Եւրոպական քաղաքական համայնքի հինգերորդ հանդիպումը Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ հաւաքեց տասնեակ առաջնորդներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Կառավարութեան լրատուականի տարածած տեսանիւթէն ու լուսանկարներէն յստակ կը դառնայ, որ Փաշինեան ոտքի վրայ կարճ զրոյց մը կ՛ունենայ Ֆրանսիայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի նաեւ, որ Փաշինեան քանի մը բառ փոխանակած է Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
Ատրպէյճան հրաւիրեալներու ցանկին վրայ էր, բայց Իլհամ Ալիեւ այս անգամ չմասնակցեցաւ եւրոպական ժողովին:
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան Պուտափեշթի վեհաժողովի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տնտեսական ապահովութիւն» թեմայով կլոր սեղան-քննարկումին ընթացքին: Փակ ձեւաչափով նախաձեռնութեան մասնակցեցան նաեւ Վրաստանի, Էսթոնիոյ, Թուրքիոյ, Փորթուկալի, Անտորայի, Պոսնիա Հերցեկովինայի, Սերպիոյ եւ Լաթուիոյ առաջնորդները:
Փաշինեան նաեւ երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու հետ: