ՀՅԴի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ վերջին օրերուն Ատրպէյճանէն հասած խաղաղութեան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած կէտերուն վերաբերող գաղտնազերծումներու լուրերուն մասին եւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հասած տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած են` ցոյց տալու համար, թէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը ի՛նչ է։
Օր մը առաջ Պաքուէն խաղաղութեան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած կէտերը գաղտնազերծեցին. Երեւան ո՛չ հերքեց ոչ ալ հաստատեց անոնց իսկութիւնը: Անոնցմէ երկուքը, ըստ Ալիեւի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւի, կը վերաբերին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն Եւրոպական Միութեան դիտորդները դուրս բերելուն եւ Հայաստանի հետ իրաւական վէճերու բացառումին:
«Պահանջը, ի հարկէ, կայ, որովհետեւ Ադրբեջանը չի ուզենայ, որ սահմանին լինի ինչ-որ մէկը անկախ նրանից, լինի դա Եւրամիութեան դիտորդ, թէ ՀԱՊԿ դիտորդ, թէ աֆրիկեան համագործակցութեան դիտորդ, որպէսզի ինքը կարողանայ անի, ինչ որ ուզում է, եւ Ադրբեջանը այդ տրամաբանութեան մէջ հետեւողական է», յայտնեց Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ Պաքու ընդհանրապէս ոեւէ միջնորդ չ՛ուզեր: «Որովհետեւ եթէ դու ուժեղ ես, դիմացինդ թոյլ է, տետատետ (դէմ առ դէմ) յարաբերութիւններում դու կարող ես ցանկացած պահանջ ներկայացնել, եթէ ինչ-որ չափով միջնորդաւորուած է, միջնորդը միշտ փորձում է բանակցութիւնները բանակցութիւններ դարձնել, բալանսի բերել (հաւասարակշռել) եւ դրանից բացի, ձեռք բերուած համաձայնութեան երաշխաւորն է դառնում», ըսաւ Խաչատրեան։